ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններէն Ճիզրէ շրջանի Նուր թաղամասին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները Դեկտեմբեր 28ին պայթեցուցած են թրքական զրահապատ փո-խադրակառք մը:
Թրքական «Միլլիյէ»չ թերթը կը հաղորդէ, որ պայթումին հետեւանքով սպաննուած են առնուազն երեք թուրք զինուորներ, իսկ այլ զինուոր մը եւ ոստիկան մը վիրաւորուած են:
Միւս կողմէ, Տիգրանակերտի մէջ Դեկտեմբեր 27ին պատահած է դէպք մը, որ կը յիշեցնէր Տիգրանակերտի փաստաբանական կաճառի նախագահ Թահիր Էլչիի սպանութիւնը, սակայն այս անգամ թիրախը՝ փաստաբան Վելաթ Ալան, անվնաս փրկուած է։ Հետաքրքրական է, որ Ալան Էլչիի սպանութենէն ետք ստանձնած էր Տիգրանակերտի փաստաբանական կաճառի փոխնախագահի պաշտօնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.