ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 26 Դեկտեմբերին Վանաձորի մէջ մասնակցած է սպաներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար նախատեսուած ծառայողական բնակարաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ եղած են նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, այլ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Սէյրան Օհանեան՝ բնակարանամուտին առիթով շնորհաւորելով սպաներն ու անոնց ընտանիքներու անդամները, նշած է, որ զինուորներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւումն ու ընկերային–կենցաղային հարցերը միշտ ալ յատուկ ուշադրութեան արժանի են հանրապետութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավարութեան կողմէ։ Ան հաստատած է, որ կարելին կ՛ընեն, որպէսզի զինուորները զգան, թէ իրենք թիկունքին կայ պետական հոգատարութիւն եւ զերծ մնալով կենցաղային խնդիրներէ, բարեխղճօրէն կատարեն ծառայողական պարտականութիւնները:
Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլջեան կատարած է բնակելի շէնքի տնօրհնէքի արարողութիւն: Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատման հանդիսաւոր արարողութեան Սէյրան Օհանեան մասնակցած է բնակարանամուտը տօնող սպաներու երեխաներուն հետ։ Այս առիթով նախարարը սպաներն ու անոնց ընտանիքի անդամները շնորհաւորած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ մաղթելով արգասաբեր եւ հայրենանուէր գործունէութեամբ բեղուն տարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.