ԵՐԵՒԱՆ, «Փանարմինըն».- Դեկտեմբեր 24ի նիստին, ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոպոլիտեն» փակ բաժնետիրական ընկերութեան 107 միլիոն դրամ տրամադրել՝ նիւթական ճեղքը ծածկելու համար:
ՀՀ ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեանի համաձայն՝ ամէն տարի գործադիրը Մեթրոպոլիտենին աւելի քան 2 միլիառ դրամ կը յատկացնէ, որու 184 միլիոն դրամը «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոպոլիտեն»ի նիւթական բացի ծածկման կը յատկացուի, իսկ 585 միլիոն դրամը՝ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան ու Եւրոպական ներդրումային դրամատուներուն տրամադրած վարկերու գծով ստեղծուած պարտաւորութիւններու կատարման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.