ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդը հաստատած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) խորհուրդի նոր կազմը: Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան կը վերահսկէ խորհուրդի գործունէութեան եւ պատասխանատու է անոր վրայ դրուած գործառոյթներու կատարման:
Ներքին շուկաներու, տեղեկագիտութեան, տեղեկատուական եւ կապի արհեստագիտութեան խորհուրդի անդամ (նախարար) Կարինէ Մինասեան պատասխանատու է այս բնագաւառին մէջ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ ներքին շուկաներուն մէջ առանց խոչընդոտներու ու սահմանափակումներու գործունէութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.