ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսի Թոփչեան նախաձեռնած է իր բնորոշումով «մեծ ու ռիսկով» գործի մը՝ Շէյքսփիրի գլուխ գործոցներու թարգմանութեան:
Յովհաննէս Թումանեան 1894 թուականին գրած է.- «Շէյքսփիրը դարձած է չափանիշ՝ ազգերու զարգացման աստիճանը որոշելու: Եթէ ժողովուրդ մը չթարգմանէ զայն, կը նշանակէ տգէտ է, եթէ ժողովուրդ մը չհասկնայ անոր, կը նշանակէ տպաս է, եթէ լեզու մը անոր թարգմանը չհանդիսանայ, կը նշանակէ տկար է»:
Ամենայն հայոց բանաստեղծը այս տողերը գրած է Թիֆլիսի մէջ 1892ին՝ Յովհաննէս Մասեհեանի թարգմանութեամբ «Համլէ»չին լոյս ընծայումէն ետք: Ատիկա թերեւս նաեւ սկիզբ էր հայկական շէյքսփիրագրութեան հարուստ պատմութեան, ուր Մասեհեանի կողքին իրենց տեղը նուաճեցին Խաչիկ Դաշտենցը, Հենրիկ Սեւանը, Սամուէլ Մկրտչեանը:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ Արամ Թոփչեան հրատարակած է «Համլէ»չի եւ «Լիր Արքայ»ի թարգմանութիւնները՝ գիտական մանրազնին մեկնաբանութիւններով ու ուսումնասիրութեամբ:
«Շէյքսպիրն այն հեղինակներից է, որոնք այս կամ այն օտար լեզուով թարգմանւում են պարբերաբար: Ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ այլն կան տասնեակ թարգմանութիւններ: Այդպիսի հեղինակներ են, ասենք, Հոմերոսը, Վերգիլիոսը, Դանթեն, Սերվանտեսը, Գէօթէն եւ ուրիշներ: Դրանք այն մեծերն են, որ միշտ պէտք է ներկայ լինեն այս կամ այն մշակոյթում: Եւ ամէն մի նոր թարգմանութիւն ոչ միայն երկը բացայայտում է նոր տեսանկիւնից եւ ստեղծում մշակութային բազմազանութիւն ու հարստութիւն, այլեւ սա հրաշալի միջոց է տուեալ երկերը նորից շրջանառութեան մէջ դնելու համար», ըսած է ան։
Արամ Թոփչեանի թարգմանութեամբ «Համլէ»չը հրատարակած է Սարգիս Խաչենց հրատարակչութիւնը, իսկ «Լիր Արքայ»ն՝ «Զանգակ»ը:
Յատկապէս շատ կարեւոր են եւ ուշագրաւ շէյքսփիրեան այս ողբերգութիւններուն թարգմանիչին գիտական ընդգրկուն մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Թոփչեան ըսած է, որ կը ծրագրէ թարգմանել նաեւ «Օթելլօ»ն եւ շարունակած է. «Նախատեսում եմ մի 5-6 գործ գոնէ անել: Բոլորը չեմ հասցնի, որովհետեւ շատ են, բայց լաւագոյն գլուծ գործոցները յոյս ունեմ անել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.