ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 28 Դեկտեմբերին ընդունած է «Մայքրոսոֆ»չ ընկերութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Լիանա Կորկոտեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթական համակարգին մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու խթանման նպաստող կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ծրագիրները: Շեշտելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կը դիտարկուի որպէս գերակայ ուղղութիւն՝ նախարարը կարեւոր նկատած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համագործակցութիւնը ոլորտի առաջատար ընկերութիւններուն հետ:
Մասնաւորապէս, որոշ աւագ դպրոցներուն մէջ նախարարութիւնը՝ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.», «Սինոփսիս Արմէնիա», «Եունիքոմփ» ընկերութիւններուն հետ համագործակցաբար մեկնարկած է մայքրոելեկտրոնիքի զարգացման միջազգային ծրագիր, որուն ծիրին մէջ դպրոցներուն մէջ կ՛ուսուցուին «Տեղեկատուական տեխնոլոգիաներ», «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ» եւ «Միկրոելեկտրոնիկա» նիւթերը։
Յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի ընդարձակել ծրագիրը, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը ծրագիրը պիտի ներկայացնէ Յունուարին Լոնտոնի մէջ կայանալիք Համաշխարհային կրթական ֆորումին: «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան ներկայացուցիչները հանդիպման ընթացքին առաջարկած են մասնակից ըլլալ առաջին դասարանցիները համակարգիչներով ապահովելու պետական ծրագիրին։
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Վանայ Ձորի մարզին մէջ արդէն ընթացքի առած է պետութեան նախաձեռնած «Մէկ աշակերտին՝ մէկ համակարգի»չ ծրագիրը: «Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը շահագրգիռ է, որպէսզի լինեն մի քանի առաջարկներ, եւ մենք հնարաւորութիւն ունենանք մրցակցութեան արդիւնքում կատարել աւելի լաւ ընտրութիւն», ըսած է Ա. Աշոտեան:
Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան կողմէ ամբողջական առաջարկ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ փորձառական ծրագիրին մէջ ընդգրկուող դպրոցներու ցանկը ճշդելու վերաբերեալ: Մինչ այդ ընկերութիւնը, համագործակցելով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթական արհեստագիտութեան ազգային կեդրոնին հետ, աշխատանք պիտի տանի համակարգիչներու թեքնիք եզրերն ու կրթական բովանդակութիւնը հայացնելու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.