ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մրցանակակիր հեղինակ Քրիս Պոհճալեան Կիրակի, Յունուար 10ին, կ.ե. ժամը 4ին, իր նոր հատորը՝ «Կեսթ Ռում»ը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող իր «Սենտքեսըլ Կըրլզ» գործը պիտի ներկայացնէ Կլենտէյլի «Քարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Գազանճեան» սրահին մէջ (211 W. Chestnut Ave., Glendale, CA 91204):
Ներկայացումը, որուն պիտի ընկերանայ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն, կազմակերպուած է Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղերու համատեղ ջանքերով։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.armeniancalendar.com/events/2016/January/9193.html կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.