Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերը վառ յիշատակներով արձանագրուեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութենէն ներս պատսպարուած հայ որբերու յիշողութեան մէջ: Արդարեւ, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները, պաշտօնէութիւնը, խնամակալութեան ներկայացուցիչները եւ Գայեանեան քոյրերու միաբանութիւնը այցելութիւն տուին Մայրավանք:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծն-նդեան տօներու նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է անոնց հանդիպումը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Մանուկները կաթողիկոսին ներկայացուցին Նոր Տարուան երգերու եւ արտասանութիւններու յայտագիր մը, որմէ ետք միասնաբար դիմաւորեցին Նոր Տարուան խորհրդանիշը՝ Կաղանդ պապան: Ապա, երեխաները սեղանակիցը դարձան վեհափառին: Ճաշի աւարտին հայրապետը իր հայրական յորդորները փոխանցեց աշակերտներուն եւ կաղանդչէքերով ուրախացուց զիրենք:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ընկերային ծառայութեան, զայն նկատելով եկեղեցւոյ ծառայական դաշտէն ներս իրականացուող Քրիստոսահիմն առաքելութիւն: «Թռչնոց Բոյն»ը, որուն հիմնադրութեան արմատները կը հասնին Հայոց Ցեղասպանութեան օրերը, կը գործէ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ եւ կ՛արժանանայ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յատուկ գուրգուրանքին:
Նշենք, որ այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան շրջափակէն ներս, վեհափառ հայրապետը բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պարզուած, սակայն ստուերի մէջ մնացած, որբութեան ընկերային երեւոյթը: Թանգարանը արդէն կանոնաւոր կերպով կը գործէ: Մօտ ապագային թանգարանը պիտի ունենայ նաեւ յատուկ ուսումնասիրութեան կեդրոն մը:
Թղթակցութիւնը՝
Կաթողիկոսարանէն