Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեան կրտսեր սաներուն համար, Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերին կայացան ամանորեայ հանդիսութիւններ:
Ձեռնարկին ընթացքին կեդրոնի փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին Ամանորի բովանդակութեամբ գործեր:
Հանդիսութեան աւարտին երիտասարդական կեդրոնի փոքրիկները Կաղանդ պապայէն ու Ձիւնանուշիկէն ստացած են փոքրիկ նուէրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.