ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան՝ ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Թանաշեանի, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեանի եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեանի, Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբերին այցելեց Ճէզիրէի շրջան:
Գամիշլիի օդակայանին մէջ սրբազան հայրն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեանի, ազգայիններու, պետական պաշտօնակատարներու եւ աշիրէթապետներուն կողմէ: Անոնք բարի գալուստ մաղթեցին սրբազան հօր եւ պատուիրակութեան, աշիրէթապետները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան, վերյիշելով իրենց այցը Ծիծեռնակաբերդ, Երեւան: Ապա, շքախումբը ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցան կանոնական աղօթք եւ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը։
Երեկոյեան, կատարուեցաւ նախատօնակ եւ սրբազան հօր կողմէ խորհրդածութիւն՝ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին առիթով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.