ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ պատերազմ է, եւ կարծէք պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի վկայութեան կարիքը չունէինք՝ գիտակցելու համար, որ մեր բանակը վերջին շաբաթներուն իսկական պատերազմական վիճակի մէջ է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ գրեթէ ամօթխածութեան մօտեցող վերապահումներով կ՛անդրադառնանք սահմանային իրադարձութիւններուն:
Ժողովուրդը խուճապի չմատնելու արդարացի նկատառումը հաշուի առնելով հանդերձ, կը հաւատանք, որ սահմանային բախումներուն ճիշդ բնութագրումը կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ՝ համազգային զօրաշարժի մթնոլորտ ստեղծելով:
Թշնամիին սխալ պատգամ չտալու նկատառումն ալ կրնայ արդարացի ըլլալ: Ի վերջոյ, Հայոց բանակը ի վիճակի է առանց յաւելեալ լարումի՝ իր խնդիրը լուծելու եւ համոզիչ կերպով պատժելու դաւադիր յարձակումներով ինչ որ նպատակ հետապնդող ազերի ուժերը:
Այսուհանդերձ, յատկապէս երբ տօնական օրերու նախաշեմին ենք, երբ զուարճանալու ու կերուխումի ծրագիրներ կը մշակենք, սահմանի վիճակին վտանգաւոր ըլլալը չտեսնելը կամ այդպէս ձեւացնելը ճիշդ մարտավարութիւն չի կրնար ըլլալ:
Տասնեակ հազարներով ընտանիքներ, ամէն վայրկեան աղօթքով ու տագնապով կ՛ապրին. սահմանէն տխուր լուր ստանալու մղձաւանջը կը մթագնէ անոնց տօնական ամէն տրամադրութիւն: Մենք՝ Սփիւռքի մէջ ապրողներս, կրնա՞նք անտարբեր ըլլալ այդ ընտանիքներու անդոհին հանդէպ:
Չե՛նք կրնար: Ոեւէ հայ չի՛ կրնար: Եթէ արտաքնապէս այդպէս կ՛երեւինք, եթէ տօնական առօրեայով կը յագեցնենք մեր ժամանակը, ապա պատասխանատուն մեր հաւաքական ուժը ղեկավարելու յաւակնութիւն ունեցողներն են, որոնք պարզապէս կը մսխեն մեր պատրաստակամութիւնը՝ մեր հերոս զինուորներուն ամուր թիկունք, ամուր յենարան ապահովելու մեր յանձնառութեան ոգին:
Եթէ պատերազմական վիճակ է, ուրեմն՝ պատրա՛ստ ըլլանք պատերազմելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ԱՊՐԻՔ ԸՆԿԵՐ,
«Չե՛նք կրնար: Ոեւէ հայ չի՛ կրնար: Եթէ արտաքնապէս այդպէս կ՛երեւինք, եթէ տօնական առօրեայով կը յագեցնենք մեր ժամանակը, ապա պատասխանատուն մեր հաւաքական ուժը ղեկավարելու յաւակնութիւն ունեցողներն են, որոնք պարզապէս կը մսխեն մեր պատրաստակամութիւնը՝ մեր հերոս զինուորներուն ամուր թիկունք, ամուր յենարան ապահովելու մեր յանձնառութեան ոգին:
Եթէ պատերազմական վիճակ է, ուրեմն՝ պատրա՛ստ ըլլանք պատերազմելու»
ԱՄԲՈՂՋ ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԷՏՔ Է «համազգային զօրաշարժի մթնոլորտ » ի ԴԻՄԷ:
Ays aroxj “xoskin” vaxuc spasum er hay havakakan irakanutyun@. Voxjunum u mianum em dzer kecvackin.
Jamanakn e linel handznaru yev miakam. Mer boloris Hayerenik Hayk@ dajan paterazmi sparnalik u irakanutyun e dimagravum. Amen or mer sirasun zavakner@ irenc kianki gnov , geraguyn zohoxutyamb pashtpanum en erkri sahmannern u azgi pativ@.
Irern irenc anunov chbnutagrelu martavarutyun@ vaxuc iren sparel e verjin zargacumneri foni vra.
Yete paterazm e uremn paterazm e ir bolor guynerov yev mer verabermunk@ petk e lini hamarjek u hamapatasxan. Ays paterazm@ mer joxoverdi vra partadrvadz e u ankax mer cankutyunnic u kamkic.
Jamn e kazmakerpvas u hamadrvadz kerpov handznaru linenk hayrenik hayki u mer patvi pashtpanutyan srbazan gorcin. Mnum e husal vor mer azgayin patkan hastatutyunnern u miutyunner@ pahi karevorutyan@ hamapatasaxan lrjutyamb u miakam kazmakerpen , dzev , uxxutyun yev kianki kochen hayutyan bolor jigern u masnakcutyun@ hayreniki pashtpanutyan gorcin.
Ps yete hnaravor u hark e , xndrem suyn andradardzs hayatar dzevov tpagrek. Shnorhakalutyun.