ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայ Օգնութեան Միութիւնը կ՛աջակցի սահմանամերձ կարգ մը շրջաններու՝ ջերմատուներուն մէջ ոռոգման կաթիլային համակարգ կիրարկելուն:
22 Դեկտեմբերին ՄԱԿի զարգացման ծրագիրներու հայաստանեան գրասենեակը ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հետ ստորագրած է յուշագիր մը, որով պիտի ֆինանսաւորէ եւ իրականացնէ այս ծրագիրը։
ՀՕՄի ներկայացուցիչները շեշտած են, որ սահմանամերձ գիւղերուն աջակցիլը յատուկ կարեւորութիւն ունի իրենց համար։ Իսկ ընդհանուր առմամբ, ՄԱԿը այս ծրագիրը կ՛իրականացնէ Տարածքային կառավարման նախարարութեան հետ համագործակցաբար։
Շուտով Տաւուշի մէջ պիտի սկսի ներդրուելու կաթիլային ոռոգման համակարգը։