ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի, Հոկտեմբեր 4ին, օտար եւ հայ 22 բժիշկներէ, բուժքոյրերէ եւ թարգմանիչներէ բաղկացած բժշկական առաքելութիւնը Հայաստան մեկնեցաւ եւ մինչեւ Հոկտեմբեր 15 այցելեց Հայաստանի գիւղական հետեւեալ վեց շրջանները՝ Արագածոտն, Շիրակ, Կոտայք, Լոռի, Արմաւիր եւ Արարատ, ապա հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ եւ դրական տրամադրութիւններով Ֆրեզնօ վերադարձաւ։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16ի երեկոյեան ժամը 7ին, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շուրջ 300 անձերու ներկայութեամբ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ այդ բժշկական առաքելութեան 11 օրերու գործունէութեան եւ այցելութիւններուն հարազատ պատկերը: Հանդիսութեան բացումը կատարեց հիւպատոսարանի քարտուղարուհի Լուսինէ Թանոսեան, որ բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ խնդրեց ներկաներէն, որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեն վերջերս Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ ահաբեկչութեամբ մահացողներուն յիշատակը։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որ աղօթքով սկսի հանդիսութիւնը:
Բժշկական առաքելութեան, որպէս նկարիչ, կ՛ընկերանար շրջանիս մէջ անուանի նկարիչ Ալէն Էգմալեանը, որ պաստառի վրայ ցուցադրեց 182 պատկերներ, որոնց մասին բացատրութիւններով կ՛ընկերանար արուեստագէտի կինը՝ Մարի Էգմալեան։ Մարին պաստառի նկարին բացատրութիւնը տալէն ետք՝ կը հրաւիրէր նկարին մէջ երեւացող հիւանդին բժիշկը, որպէսզի բացատրութիւններ տայ կատարած աշխատանքին մասին: Ներկաները քար լռութեամբ դիտելէ ետք նկարը՝ նոյնքան հետաքրքրութեամբ կ՛ունկնդրէին բացատրութիւնները:
Իրապէս գերգնահատելի աշխատանքի արգասիքն էր, զոր ներկաները վայելեցին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ. անվարան կը հաստատենք նաեւ, թէ անիկա արուեստի բարձրորակ ցուցադրութիւն մըն էր։ Վարձքը կատա՛ր Ալէն եւ Մարի Էգմալեաններուն:
Իսկ մեր խօսքը ուղղելով պատուոյ հիւպատոսին՝ կ՛ըսենք եւ կը հաստատենք, թէ 2015ի բժշկական այս առաքելութիւնը գերգնահատելի է իր բոլոր երեւոյթներով։ Վարձքերնիդ կատար, սիրելի պատուոյ հիւպատոս, բժիշկներ, բուժքոյրեր եւ թարգմանիչներ. վստահ եղէք, որ 2016ին կրկնապատկուած թիւով պիտի կատարուի այս առաքելութիւնը, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ այլ ասպարէզներու մէջ:
Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ պատուոյ հիւպատոսը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բժիշկներուն, բուժքոյրերուն եւ ներկաներուն, ապա ցուցադրուեցան մասնակցողներուն տուած այցելութիունները Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրեր:
Բժշկական սոյն առաքելութեան մասին մեր ընթերցողներուն ամբողջական պատկեր մը տալու համար, հարցազրոյց մը կատարեցինք խումբին մաս կազմող բժիշկ Կարօ Խաչիկեանի հետ: Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ բժշկական այս առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ կրնա՞ք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:
ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Ինչպէս գիտէք, Հոկտեմբեր 4ին, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսին նախաձեռնած բժշկական առաքելութիւնը՝ բաղկացած 22 բժիշկներէ եւ բուժօգնականներէ, մեկնեցաւ Հայաստան։ Խումբին մաս կը կազմէին հայ եւ օտար բժիշկներ՝ զանազան մասնագիտութիւններով: Հայաստանի մէջ մեր խումբը մեծ ընդունելութեան արժանացաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանի կողմէ. մեր ժամանման առաջին օրն իսկ, այցելեցինք Հայաստանի բժշկական կեդրոնները եւ ծանօթացանք հոն կիրարկուող բժշկական միջամտութիւններուն: Մեր խումբը բաժնուեցաւ քանի մը ենթախումբերու՝ ըստ մասնագիտութեանց. Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ կատարեցինք 16է աւելի վիրահատութիւններ, 100է աւելի ատամնաբուժական վիրահատութիւններ եւ ընդունեցինք 500է աւելի հիւանդներ:
Բժիշկներու տպաւորութիւնները շատ լաւ էին, մանաւանդ՝ օտարներունը, որոնք առաջին անգամն էր, որ Հայաստան կ՛այցելէին։ Անոնք հիացումով կ՛արտայայտուէին հայ ժողովուրդի բարեացակամութեան եւ հիւրասիրութեան մասին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Գիտենք, որ դուք եւ բժիշկներ Վաչէ Վասիլեանն ու Պերճ Գալամքէրեանը, ձեր բժշկական ուսումը ստացած էք Հայաստանի Մխիթար Հերացու բժշկական համալսարանին մէջ։ Այսօր, իբրեւ արտասահմանի բժիշկներ, ի՞նչ հոգեկան ապրումներ եւ տպաւորութիւններ ունեցաք, երբ Հայաստանի մէջ աշխատանքի լծուեցաք:
ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Ես եւ այս առաքելութեան երկու անդամ բժիշկներ՝ տոքթ. Վաչէ Վասիլեան եւ տոքթ. Պերճ Գալամքէրեան, ըլլալով Հայաստանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական հիմնարկի շրջանաւարտ, մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցինք հրաւէրը եւ մեկնեցանք Հայաստանի շրջանները, օգնութեան ձեռք մեկնելու բնակչութեան, մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչ որ ձեւով մը՝ երախտագիտութիւն յայտնելու այն իրականութեան համար, որ եթէ Հայաստանը չըլլար, մենք թերեւս պիտի չկարենայինք մեր երազը իրականացնել եւ դառնալ բժիշկներ: Հայաստանը մեզ բարձրացուց, իսկ հիմա ժամանակն է, որ մենք մեր հերթին բարձրացնենք Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Հայաստանի ո՞ր քաղաքներուն եւ մարզերուն մէջ բժշկական խմբակը իր աշխատանքները կատարեց:
ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Մեր բժիշկները այցելեցին Շիրակի մարզի Ախուրեան գիւղը, Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքը, Կոտայքի Հրազդան եւ Աբովեան քաղաքները, Արմաւիրի հիւանդանոցներն ու դարմանատուները:
Բժիշկ Կարօ Խաչիկեան շարունակելով իր խօսքը՝ պատմեց իր եւ երկու ընկերներուն այցելութիւնը Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Իշխանաձոր եւ Կովսական գիւղերը: «Ես եւ բժիշկներ Վաչէ Վասիլեան ու Կարինէ Լեփեճեան, երկու օր ապրեցանք Իշխանաձոր գիւղի միակ բժշկուհի Լուսինէ Սարգսեանի տունը: Մինչեւ ուշ գիշեր բժշկական ծառայութիւններ մատուցինք գիւղի բնակչութեան, ծանօթացանք գիւղի բնակչութեան տնտեսական եւ բժշկական խնդիրներուն եւ բժշկուհի Լուսինէին յանձնեցինք մեծ քանակութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, «էլեկտրոկրամա»ի եւ «ուլթրասաունտ»ի գործիքներ», ըսաւ ան:
Բժիշկ Կ. Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին՝ կազմակերպելուն համար այս հայրենանուէր մեծ գործը, վստահ ըլլալով, որ ան պիտի շարունակէ խանդավառել Ֆրեզնոյի հայ հասարակութիւնը նման մարդասիրական եւ ազգային նշանակութիւն ունեցող առաքելութիւններով: