ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄը պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը ծնունդ առաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման տարին՝ 1918ին: 1920ին, անիկա գործեց նաեւ մեր անկախ հայրենիքի մէջ: Սակայն հազիւ չորս տարեկան, քաղաքական հասկնալի պատճառներով պարտադրաբար լուծուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումով՝ անոր գործունէութիւնը վերջ գտաւ նաեւ հայրենիքի մէջ:
Հակառակ բոլոր այս իրադարձութիւններուն, ՀՄԸՄը քալեց իր ժողովուրդի ճակատագիրին հետ եւ ծաղկեցաւ հո՛ն, ուր հայկական գաղութներ ստեղծուեցան եւ երիտասարդութիւն աճեցաւ: Հայաստանի երկրորդ անկախացման տարիներուն, ՀՄԸՄը վերսկսաւ հայրենի իր գործունէութեան եւ այսօր, աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր, կը գործէ անկախ հայրենիքի մէջ, Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ անուան տակ: Հպարտութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը արժանացած է միջազգային ճանաչման:
Պատմական բացառիկ այս նուաճումը նշելու եւ հսկայ այս կազմակերպութեան իր երախտագիտութիւնը յայտնելու հեռանկարով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած էր յատկանշական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւորը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Այս ձեռնարկը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ՀՄԸՄի Ծառայութեան շքանշանով պատուելու շրջանէն 16 արժանաւոր քոյր-եղբայրներ: Այս ձեռնարկին մասին յատուկ թղթակցութեամբ մը անդրադարձանք «Ասպարէզ»ի Դեկտեմբեր 5ի թիւով:
Յատկանշական երկրորդ նախաձեռնութիւնը՝ ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն եւ անոնց ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցող ննջեցեալ ՀՄԸՄականներուն հոգեհանգստեան պաշտօնի կատարումն էր: Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի արտօնութեամբ եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, շրջանի Հայաստանեայց առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու վարչութիւնները, սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներու ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան իրենց շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ կրօնական այս յատուկ արարողութեան եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն:
Այդ օրը, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ անձնապէս կատարեց ու գլխաւորեց հոգեհանգստեան պաշտօնը: Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան եւ անդամ Մարօ Քէշիշեան ներկայ գտնուեցան կրօնական այս արարողութեան՝ ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն նահատակ Շաւարշ Քրիստեանի եղբօր թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ եւ Մարի Քրիստեաններուն, նաեւ՝ ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի ատենապետ Նազօ Տիշոյեանի, վարչութեան անդամներուն եւ վաստակաշատ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներու։
Առաջնորդ հայրը իր քարոզին մէջ յարգանքով յիշատակեց նուիրեալ ննջեցեալ ՀՄԸՄականները, որոնք հաւատքով ծառայած էին իրենց սիրելի կազմակերպութեան եւ գուրգուրանքով մօտեցած անոր հոգածութեան յանձնուած սերունդներու հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութեան: Ան բարձր գնահատեց նաեւ ՀՄԸՄի ներկայ ղեկավարութիւնը, որ կը շարունակէ վառ պահել ՀՄԸՄի ջահը: Առաջնորդը նաեւ յատուկ անդրադարձաւ Շաւարշ Քրիստեանի կեանքին, վաստակին ու ձգած ժառանգին: Այնուհետեւ, ներկայ ՀՄԸՄականներն ու Քրիստեան զոյգը մասնակցեցան «Ղուկասեան» սրահին մէջ կատարուած օրհնութեան եւ ճաշի հիւրասիրութեան:
ՀՄԸՄի Օրուան նուիրուած երրորդ ձեռնարկը երիտասարդական երեկոյ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան: Զուտ ՀՄԸՄական այս նախաձեռնութիւնը գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ ՀՄԸՄական երիտասարդութեան՝ մարզադաշտերէն դուրս միասնաբար ընկերային հաճելի երեկոյ մը անցընելու:
«ՀՄԸՄի Օրուան նշումը խիստ կարեւոր է մեզի համար: Անիկա առիթ մը կը հանդիսանայ մեր անդամներուն՝ յիշելու իրենց պատկանած միութեան առաքելութիւնը, հետապնդած նպատակներն ու ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ հիմնադիրներու կեանքը: Վարչութեանս փափաքն է, որ այս նախաձեռնութիւնը ամէն տարի կազմակերպուի եւ մեր նուիրեալ անդամները պարբերաբար պարգեւատրուին իրենց տքնաջան աշխատանքին համար, որպէսզի անոնց տիպարը բարի օրինակ դառնայ ՀՄԸՄի շարքերէն ներս», այս առթիւ ընդգծեց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան:
Յայտնենք, թէ ՀՄԸՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1968ին: Ներկայիս ունի 17 մասնաճիւղեր եւ աւելի քան վեց հազար անդամներ: Շրջանային վարչութեան նստավայրը կը գտնուի Իկըլ Ռաք շրջանը (2324 Colorado Blvd., Los Angeles, CA 90041): Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՄԸՄի www.Homenetmen.net կայքը կամ հեռաձայնել (818) 244-3868 ու (323) 344-4300 թիւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.