ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի (The Armenian EyeCare Project) տարեկան 13րդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան, մասնակցութեամբ աւելի քան 250 համակիրներու եւ աջակիցներու։

«Պալպօուա Պէյ» ակումբի սրահին մէջ կայացած տօնակատարութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Հայաստանի յատկապէս գիւղական շրջաններուն մէջ կազմակերպութեան տարած գործունէութիւնը, իսկ անոր ընթացքին գոյացած գումարը կը տրամադրուի կազմակերպութեան շրջանային հինգ կեդրոններու գործունէութիւնը շարունակելու եւ ընդարձակելու ջանքերուն։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան, իսկ հանդիսավարն էր դոկտ. Ճան Յովհաննէսեան, որ նախապէս եղած է ծրագիրի վարչութեան անդամ։
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցաւ Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի Հայաստանի գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու Նունէ Եղիազարեանը, որ 2003էն ի վեր այդ պաշտօնին վրայ է։
Ճաշկերոյթի աւարտին, կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ռաճըր Օհանեան, որ մանրամասնութիւններ փոխանցեց Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի գործունէութեան եւ իրագործումներուն մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն եւ կամաւորապէս իրենց ժամանակը տրամադրող բժիշկներուն։
