ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Ուուտպըրի» համալսարանը վերջերս իր հոգաբարձութեան անդամ դարձուցած է հինգ նորեկներ, որոնք տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացած են։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առնուազն երեք տարի պիտի պաշտօնավարէ։
Նոր նշանակուողներէն մէկը եղաւ ամերիկահայ յայտնի ճարտարապետ Ռանըլտ Ա. Ալթունը, որ ներկայիս նախագահն է «Սլթուն Սթրեթիճիք»ի։ Ան եղած է Միացեալ Նահանգներու Ճարտարապետներու ամերիկեան հիմնարկի նախագահ, իսկ 1989ին Հայաստան մեկնած էր խումբ մը ճարտարապետներու հետ, նպաստելու համար Սպիտակի երկրաշարժէն ետք վերակառուցման ջանքերուն։ Ան շարք մը այլ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ամերիկեան եւ միջազգային կազմակերպութեանց մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.