ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Eat and Feed» կամ «Կեր ու կերակրէ»: Այս կարգախօսով է, որ այս տարի «Ռետ Թափ» (Red Top Supermarket & Kitchen) վաճառատունը, Դեկտեմբերի առաջին երեք Կիրակի օրերուն, ճաշի վաճառք մը կազմակերպած է եւ եկամուտը կը տրամադրէ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սրտէ Սիրտ» հիմնադրամին:
Առաջին Կիրակին 6 Դեկտեմբերն էր, որ մեծ ոգեւորութեամբ եւ արդիւնաւէտ ընթացաւ: Շրջանէն բազմաթիւ բնակիչներ եւ ՀՕՄի անդամներ, իրենց ընտանիքներով, այցելեցին Glenoaks եւ Providencia փողոցներու խաչմերուկին գտնուող (600 S Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91502) այս հաստատութիւնը, իրենց նուիրատուութեամբ եւ ճաշով օգտակար հանդիսացան բարեգործական այս նախաձեռնութեան:
«Մենք կը հաւատանք ՀՕՄի նուիրեալ գործունէութեան եւ այս փոքրիկ ժեստով մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք անոր բարեգործական աշխատանքին եւ կը գնահատենք «Ռետ Թափ» հաստատութեան նուիրական այս գործը», ըսաւ այցելու մը, ախորժակով ճաշակելով հրամցուած համադամ հայկական քեպապը:
Իսկ աշխատանքներուն օգտակար հանդիսանալու եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար «Red Top» վաճառատուն փութացած ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան՝ բարձր գնահատելով «Eat and Feed» ծրագրի կազմակերպիչներ Ալպեռ եւ Արթիւր Կիրակոսեանները, գոհունակութեամբ ընդգծեց, ըսելով. «Երեք տարիներէ ի վեր, նման նախաձեռնութիւն մը սկսած է «Red Top» հաստատութիւնը, յատկապէս ամանորեայ տօնական օրերուն, բարեգործական կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Անիկա կը թեթեւցնէ բեռը այն կազմակերպութիւններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան կարիքաւոր եւ անօթեւան ընտանիքներու: Ուրախ ենք, որ «Red Top» հաստատութեան տնօրէնութիւնը այս տարի ընտրած է ՀՕՄը, որուն համար շնորհակալ ենք»:
Մարդասիրական այս աշխատանքը պիտի շարունակուի Կիրակի 13 եւ Կիրակի 20 Դեկտեմբերին եւս:
««Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից նշանաբանի հաւատքով կը քաջալերենք հանրութիւնը եւ ՀՕՄի անդամները, որպէսզի այս զոյգ օրերուն անպայման այցելեն «Red Top» վաճառատունը, ճաշակեն համադամ ճաշը՝ օգտակար հանդիսանալով ՀՕՄին: Այսպիսով ՀՕՄը եւս, իր հերթին, կարելիութիւնը կ՛ունենայ օժանդակելու կարիքաւորին եւ ժպիտ բերելու բոլոր անոնց դէմքերուն, որոնք օգնութեան կարիքը ունին», գրուած է ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.