
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան քաղաքի Նորարարութեան եւ գործադրութեան յանձնաժողովի անդամ նշանակած է Անդրանիկ «Էնտրու» Գիզիրեանը, որուն նշանակումը միաձայնութեամբ վաւերացուած է քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին, երդման արարողութեան մասնակցելէ ետք, Գիզիրեան պաշտօնապէս անդամ դարձած է յանձնաժողովին, որուն նպատակն է բարելաւել քաղաքին տրամադրուած սպասարկութիւններու որակն ու ատակութիւնը։
Նշենք, որ Անդրանիկ Գիզիրեան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավարը: