ԷՆՍԻՆՕ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին սկիզբ առաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն յատուկ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի այս տարուան դասընթացքը, որուն ընթացքին, սկաուտներուն եւ արենոյշներուն հիմնական ու կարեւոր գիտելիքներ կը տրուին մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ու դաւանանքին, ինչպէս նաեւ՝ ազգի պատմութեան հանգրուանային իրադարձութիւններուն մասին:
Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ կ՛արժանանան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յարկին տակ, «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ. դասախօսն էր Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էին ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ սկաուտական պատասխանատուներ. դասընթացքին կը հետեւին 25 սկաուտներ եւ արենոյշներ:
Տէր հօր դասախօսութիւնը լայնածիր էր. ան ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ ծագումը, բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ կառոյցին, ներքին բաժանումներուն, հոգեւորականներու հանդերձանքին, եկեղեցւոյ մէջ նիստուկացի պատշաճութիւններուն մասին, միաժամանակ՝ պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն: Աւարտին, փոխանցուած տեղեկութիւններուն մասին քննութենէ մը անցան սկաուտները, ապա, հանդիպումը վերջ գտաւ հաւաքական ճաշով: