
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Օր».- Վաստակաշատ մանկավարժ Վարդգէս Գուրուեանի կրթական, համայնքային եւ ազգանուէր գործունէութեան 50 տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը բարձր գնահատելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը զայն պարգեւատրած է իր բարձրագոյն պարգեւով՝ Ոսկէ յուշամետալով։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, ընտանեկան եւ բարեկամներու սեղմ շրջանակի մը ներկայութեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի դահլիճին մէջ, աւագ հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան եւ Սփիւռքի համայնքային եւ մշակութային հարցերու պատասխանատու հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան, Վարդգէս Գուրուեանին յանձնեցին նախարարութեան գնահատագիրն ու Ոսկի յուշամետալը։
Վալերի Մկրտումեան անդրադարձաւ Վարդգէս Գուրուեանի մանկավարժական եւ համայնքային գործունէութեան՝ յիշելով, թէ անցեալին սերտօրէն գործակցած են, երբ Գուրուեան տնօրէն էր Արշակ Տիգրանեան վարժարանին։ Հիւպատոսը մեծապէս գնահատեց Գուրուեանի ցուցաբերած ջերմ ընդունելութիւնները՝ հայաստանեան զանազան այցելու խումբերու, եւ անոր անսակարկ մասնակցութիւնը հիւպատոսարանի համայնքային աշխատանքներուն ու միջոցառումներուն։ Ան շեշտեց, թէ Գուրուեանի մեծ փորձէն պէտք է օգտուի համայնքը, որովհետեւ ան տակաւին շատ բան ունի տալիք համայնքին։
Հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան իր կարգին յիշեցուց, թէ իր դուստրը աշակերտած է Արշակ Տիգրանեան վարժարանին եւ իրենք շատ դրական յուշեր ունին տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանէն։
Ներկաներէն Էմմա Ումրոյեան (նախկին ուսուցչուհի) եւ տոքթ. Արմինէ Գլճեան (նախկին ծնողք) եւս բարձր գնահատանքով խօսեցան տնօրէն Գուրուեանի մասին։ Արդարեւ, Ա. Տիգրանեան վարժարանի կարգապահութիւնը, կրթական բարձր մակարդակը, գեղարուեստական հանդէսներու գովելի մակարդակը արժանացած էին աշակերտներու, ծնողներու, պետական-կրթական պատասխանատուներու եւ համայնքի գնահատանքին։ Տոքթ. Արմինէ Գլճեան գովասանքով խօսեցաւ աշակերտներուն հանդէպ տնօրէն Գուրուեանի ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ ծնողներուն հանդէպ անոր յարգալից վերաբերմունքին մասին։ «Ան մեր բոլորին սէրն ու յարգանքը շահած էր», ըսաւ ան։ Իսկ Էմմա Ումրոյեան վեր առաւ Գուրուեանի վարչական կարողութիւնները եւ անոր արդար վերաբերմունքը ուսուցիչներուն հանդէպ։ «Ամէն տեղ էր ան, միշտ հսկող, բայց մանաւանդ՝ օգնելու դիրքի մէջ», ըսաւ ան։
Մտերմիկ խօսակցութիւններէ եւ բազմաթիւ մաղթանքներէ, ինչպէս նաեւ Վարդգէս Գուրուեանի շնորհակալական խօսքերէն եւ համայնքին օգտակար ըլլալու իր պատրաստակամութեան խոստումէն ետք, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ճաշ-հիւրասիրութիւն։