ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ֆրանսաբնակ հեղինակ Ալեքսանդր Արորդի Վարպետեան իր նոր հրատարակուած «Քանի Դեռ Կենդանի Է Կաշչէյ Անմահը» գիրքը պիտի ներկայացնէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Վարպետեան պիտի խօսի նաեւ հոգեբաններու հիմնական կռ-ուախնձորը դարձած՝ անհատական հոգեկերտուածքի եւ ունակութիւններու շուրջ վէճին մասին, թէ՝ անոնք ի ծնէ՞ են կամ կը զարգանան կեանքի ընթացքին: Ան պիտի քննէ նաեւ ազգային հոգեկերտուածքին, անոր կազմաւորման, քայքայման եւ վերականգման մասին, մասնաւորապէս հայերուն մօտ:
Ֆրանսաբնակ Վարպետեան ծնած է Մարսէյ, իսկ կրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Պոլիտեխնիկական» հիմնարկէն եւ «Հայֆիլմ»ի կից դերասանական վարժարանէն:
Վարպետեան ճարտարապետ է, բեմադրիչ, գրող եւ հայագէտ: Ան արժանացած է շարք մը մրցանակներու, հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, թղթակցած է մօտաւորապէս 50 պարբերականներու, հրապարակած է Լոնտոնի «Էրեբունի» երկշաբաթաթերթը եւ «Էութիւն» ազգաբանական հանդէսը, ինչպէս նաեւ հիմնած եւ ղեկավարած է «Արուեստանոց Սեւակ» թատերախումբը, սփիւռքահայերու «Յարատեւման Ուխտ» միութիւնը եւ «Էութիւն» Ազգային իմաստութեան տաճարը:
Նշեալ հանդիպումը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան կողմէ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։