ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի օժանդակ խմբակին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին, երեկոյեան ժամը 5ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին տեղահանուած ռուսահայերու ոդիսականին նուիրուած՝ «Տեղահանութիւն» գործին թատերական ընթերցումը, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ։
Թատերական գործին հեղինակն է Շաունա Վարդանեան, իսկ ընթերցումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտնի դերասաններ, ներառեալ՝ Քեն Դաւիթեան, Ատրիանա Սեւան Նիքըլզ, Ռամի Զատա, Ճէյտ Հայկուշ, Տիլըն Նալպանտեան եւ Հրաչ Թիթիզեան։ Բեմադրիչն է Երուանդ Վոն Քոչար։
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ գինիով հիւրասիրութիւն։
Կանխաւ ապահովողներուն համար, տոմսերու սակը 10 տոլար է (itsmyseat.com-էն, կամ (323) 726-7181 թիւով), իսկ տեղւոյն վրայ՝ 15 տոլար։