Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, «Արեւելքի»ն հետ իր զրոյցին մէջ անդրադառնալով վերջին շրջանին հայկական թաղամասերուն մէջ թուրք ազգայնամոլ ծայրայեղականներու կողմէ կատարուող անհանդուրժողութեան երթերուն՝ ըսած է, որ նման երեւոյթներ նորութիւն չեն համայնքին համար։ «Պոլսահայերը որոշ փորձառութիւն ունին եւ գիտեն, թէ նման դէպքերու ընթացքին անպայման իրենց եւս վնաս պիտի հասնի: Միայն քանի մը տարի առաջ բացայայտուեցան հայերու հանդէպ բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէ մշակուած բարդ ծրագիրներ, որոնցմէ մէկն էր Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի դէմ մահափորձի իրականացումը, ապա այդ բոլոր բացայայտումները ծածկուեցան: Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, «Էրկենեքոն»ի հետ առնչութիւն ունեցող մանրամասնութիւններ ի յայտ եկան. կը խօսուէր նաեւ հայ դպրոցական պատանիներու վրայ ծրագրուած յարձակումներու մասին: Ասոնք մեզի համար մտահոգութիւն են, վտանգը մի՛շտ կայ, որովհետեւ այս պետութիւնը ունեցած է «փոքրամասնութիւններու յանձնաժողով» անունով խմբակ մը, որուն գրասենեակին մէջ դաւեր կը նիւթուէր հայերու, յոյներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ»:
Էսդուգեան նաեւ նշած է, թէ հակառակ անոր որ պոլսահայ համայնքի քաղաքականացուած հատուածին ծանօթ է այս բոլորը, հիմնական մեծամասնութիւնը պատկերացում չունի վտանգին մասին եւ ինքնիրեն կը համոզէ, որ ներկայ ժամանակներուն այդպիսի վայրագ բաներ չեն կրնար պատահիլ: Ինչպէս յայտնի է, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մութաֆեան 2008էն ի վեր անբուժելի հիւանդութեամբ կը տառապի եւ անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը։