ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աւստրիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան կայքին համաձայն՝ ԵԱՀԿի ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 8ին ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին տարածած է յայտարարութիւն մը՝ «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան գրաւուած տարածքներու իրավիճակին մասին»:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ի տարբերութիւն ԵԱՀԿի տարածաշրջանի այլ սառեցուած հակամարտութիւններուն՝ «գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ 7 յարակից շրջաններուն մէջ ցեղային զտումներ իրականացուած են ատրպէյճանցի բնակչութեան դէմ»: Ատրպէյճանցիները, շարունակելով իրենց յերիւրանքները՝ առաջ մղած են այն տեսակէտը, թէ «1988էն ի վեր, Ատրպէյճան ապաստան տուած է աւելի քան 1 միլիոն փախստականի եւ բռնի տեղահանուածներու»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ 1992ին ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը ոչ մէկ արդիւնք տուած է, եւ այդ պատճառով ալ հակամարտութիւնը մինչեւ այսօր չէ կարգաւորուած:
Հոն մէջբերուած է նաեւ Հայաստանի նախագահին բարձրաձայնած «սպառնալիքը՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան», որ ատրպէյճանցիներուն կարծիքով՝ Հելսինքեան եզրափակիչ յայտարարութեան եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան որոշումներու խախտում է:
Փաստօրէն, Պաքուն հերթական անգամ մեղադրած է ԵԱՀԿը: Ատրպէյճան անցեալին եւս տարբեր մեղադրանքներ առաջ քաշած էր՝ այս կամ այն ձեւաչափով խօսելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կազմի ընդլայնման կամ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխման մասին: