ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տիգրանակերտ նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, սոյն տարածքին մէջ յայտարարուած կրակմարի դրութեան ընթացքին դարձած է թուրք ոստիկաններու յարձակման թիրախ:
«Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Հասըրլը թաղամասը գտնուող հազարամեայ եկեղեցին մեծապէս տուժած է: Ոստիկանները չեն բաւարարուած միայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակումով, անոնք նաեւ գողցած են այնտեղ գտնուող որոշ պատմական իրեր. այս մասին գրած է «Արցախփրէս»:
Միջագետքի հայերու միութեան նախագահ Արաթ Քարակէօզեան գործակալութեան յայտնած է, որ հայերը կը պատրաստուին դատական գործ յարուցելու այս գծով: Ան նշած է, թէ եկեղեցին կրած է մօտաւորապէս 300,000 թրքական լիրայի (100 հազար տոլար) չափով վնասներ: «Ոստիկանութիւնը եկեղեցի մտած է՝ կոտրելով պատմական դռները: Գողցուած են յախճապակիին վրայ եղած մեր վեց պատմական նկարները, ինչպէս նաեւ՝ պահեստին մէջ գտնուող փորագրուած պատմական քարերը», յայտնած է Քարակէօզեան:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Սուրի ոստիկաններուն եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով տուժած էր նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: