ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ:
Մուսա լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ է, որ Այնճարի մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի Կեդրոնական մարմինը կը տօնակատարէ հերոսական ինքնապաշտպանութեան տօնախմբութիւններու եզրափակիչ փուլը:
Արդարեւ, շուրջ ամիսէ մը ի վեր դասախօսական երեկոներ, մշակութային բնոյթի տարբեր ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորհահանդէսներ, տուն-թանգարանի բացում եւ եկեղեցական արարողութիւններ՝ կու գան կազմելու ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին հանրագումարը:
Մինչ, այս տարի հայրենի պետական ներգրաւուածութեան տարողութիւնը կը յատկանշէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի յոբելեանի իւրօրինակ նշումը:
Հասկնալիօրէն պատմական Մուսա լերան միակ հայաբնակ գիւղը նոյն հնչեղութեամբ եւ նոյն շեշտադրումներով պիտի չնշէր յոբելեանը, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ազգայնականութեան դրսեւորած վերջին ելոյթներն ու հակազդեցութիւնները նկատի ունենալով: Այսուհանդերձ, պատմական Մուսա լեռ, հայրենի Մուսա լեռ եւ հայկական Այնճար եռախորհուրդ երեւոյթը հետզհետէ համահայկականացուցած էր հայ ազատագրական շարժման ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջին նշումը:
Սակայն, տօնին հերթական նշումը այլ կարեւոր իմաստով մը կ՛այժմէականանայ: Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակը կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միեւնոյն տարին: Առիթ հանդիսանալով՝ Ցեղասպանութեան հարցի ներազգային ընկալման փիլիսոփայութեան նոր ուղղութիւն ցոյց տալու: Ցեղասպանութեան 100ամեակը միայն սպանութեան, տեղահանութեան, հայրենազրկումի եւ պատմութեան հարուածին տակ ինկած ըլլալու երեւոյթով չի սահմանափակուիր: Հերոսական արարքներ կան նոյն տարիներուն, նոյն ժամանակահատուածներուն, որոշակիօրէն տարբեր պայմաններու մէջ, այսուհանդերձ ծառացումի օրինակներ են անոնք, որոնք կը խօսին մեր ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին զինաթափ չըլլալու, չյանձնուելու, թշնամիի սադրանքներուն չենթարկուելու եւ ջարդի չենթարկուելու փաստերուն մասին:
Ամբողջական ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ձախողեցման վառ օրինակներէն մէկն է Մուսա լեռը, որուն հերոսները, նահատակները եւ անոնց կերտած պատմական իրագործումները անպայման վեր պիտի առնուին Ցեղասպանութեան հերթական նշումին ընթացքին:
Անշուշտ, ինքնապաշտպանութեան տեսակէտէն, Մուսա լերան առընթեր կան Վանը, Ուրֆան, Շապին Գարահիսարը, Սասունը: Հերոսամարտներու համապատկերի ներկայացումը անհրաժեշտ է, երբ կը ներկայացնենք Ցեղասպանութիւնը՝ տարբեր երեսներով: Հերոսամարտներու պատմական գնահատականը աւելի քան անհրաժեշտ է ցեղասպանութեան ենթարկուած միլիոնաւորներուն կողքին նշելու թէկուզ փոքրաթիւ կռուողները, չենթարկուողները: Այս իրականութիւնը գիտական թէ քաղաքական առումներով լոյսին բերելը կը նպաստէ մեր ազգային-հաւաքական նկարագիրի կազմաւորման աշխատանքին, նոր զսպանակում կ՛ապահովէ նոր սերունդին եւ այլոց մօտ կը քանդէ միայն ջարդի ենթարկուած ժողովուրդ ըլլալու կարծրատիպը:
Եւ այս առումով մուսալեռցիներու շառաւիղներուն մօտեցումը՝ մեծ շուքով նշելու ինքնապաշտպանութեան մարտերը, նոր ուղղութիւն կու տայ հարցերու ընկալման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.