ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013 թուականին Հրանդ Վարդանեան Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օգնելու համար տրամադրած էր 100 հազար տոլար:
Սուրիահայութեան աջակցելու անոնց ծրագիրը, իրենց հօր մահէն ետք, կը շարունակեն որդիները՝ Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները: Այս նպատակով, անոնք հանդիպում ունեցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ եւ անձամբ տեղեկացած Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին։
Վարդանեանները առաջարկած են իրենց աջակցութիւնը: Անոնք այս անգամ 100 հազար տոլար յատկացուցած են Սուրիոյ մէջ ապրող հայրենակիցներուն կարիքները հոգալու համար: