ՔԱՆՊԵՐԱ.- Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Ալեքսանտր խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ատրպէյճանի իշանութիւնները, մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքին ու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման չձգտելուն համար:
Ատրպէյճանէն ժամանած պատգամաւոր Հանլար Ֆատիեւի հետ հանդիպումէն ետք կայացած խորհրդարանի նիստին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Ալեքսանտր անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններուն: «Ես նաեւ մտահոգութիւն յայտնած եմ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող հակամարտութեան հարցով Ատրպէյճանի գործողութիւններուն կապակցութեամբ: Վերջին տարիներուն, Ատրպէյճան աւելի քան 1 միլիառ տոլար տրամադրած է ռազմական սարքաւորումներ եւ զէնք գնելու նպատակին՝ վնաս հասցնելով այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բոլոր ձգտումներուն», յայտարարած է պատգամաւորը:
Ան նաեւ ըսած է, թէ այս տարի, երբ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, պէտք է շեշտել, որ Աւստրալիոյ առեւտրային գործընկերները, օրինակ՝ Ատրպէյճանը, պէտք է պաշտպանեն մարդկային իրաւունքները ու քաղաքական ազատութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.