ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Մեզի համար կարեւոր է Հայաստանի մէջ զեղծարարութեան դէմ պայքարի խորհուրդին հետ մեր համագործակցութիւնը, եւ եթէ ժամանակի ընթացքին չտեսնենք զեղծարարութեան դէմ պայքարին մէջ այն նուիրուածութիւնը եւ այն գործողութիւնները, որոնց մասին կը խօսին ՀՀ վարչապետն ու խորհուրդի միւս անդամները, ապա մենք պիտի վերանայինք մեր յարաբերութիւնները՝ նշեալ խորհուրդին հետ», ըսած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, «Ազատութիւն» կայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին։
Այն ակնարկութեան, թէ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները կը նշեն, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ստեղծած՝ զեղծարարութեան դէմ պայքարի խորհուրդի կազմին մէջ են նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներառեալ՝ ելեւմուտքի նախարարը, որոնք իսկ Հայաստանի մէջ զեղծարարութեանց աղբիւր են, դեսպանը պատասխանած է. «Կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ որոշ վերապահումներով կը մօտենան այս խորհուրդին, կամ առհասարակ՝ կառավարութեան որեւէ նման նախաձեռնութեան: Սակայն պէտք է ըսեմ, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը եւ դեսպանատունը այս խորհուրդը կը նկատեն զեղծարարութեան դէմ պայքարի գործիք եւ հարցը լուծելու յանձնառութիւն, զոր Հայաստանի իշխանութիւնները ստանձնած են հրապարակայնօրէն: Ես պատրաստ եմ աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան որեւէ կառոյցի հետ, որ կը փափաքի այս պայքարին մասնակցիլ, սակայն մենք կ՛ակնկալենք գործողութիւններ եւ միայն խօսքերը բաւարար չեն»:
Դեսպանը նաեւ շեշտած է, թէ նշեալ խորհուրդին անբաւարար գործունէութիւնը կրնայ «մեծապէս ազդել» հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, օրինակ՝ ներդրումներուն: «Ես մեծ ջանքեր կը տանիմ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները եւ ներդրումները խրախուսելու ուղղութեամբ, սակայն ամերիկեան ներդրումները հրապուրելու համար, ներդրողները պէտք է իմանան, որ մուտք կը գործեն այնպիսի միջավայր, ուր բոլորին հաւասար կը մօտենան, ուր անարդար մրցակցութիւն չկայ եւ պետական ծառայութիւնները հաւասարապէս հասանելի են բոլորին», եզրակացուցած է Միլզ: