ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
22 Ապրիլ 2015ին, պատահաբար BBC-ի պարբերաթերթին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ յօդուածը՝ «The Armenian Rugs That Tell Two Stories», գրուած Լոս Անճելըսէն Լիանա Աղաճանեանի կողմէ: Յօդուածը կը յայտնաբերէ 1925ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին նմանօրինակը՝ Քալիֆորնիոյ մէջ։
Ղազիրի գորգի պատմութիւնը ծանօթ է մեզմէ շատերուն. սակայն թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը, պիտի անդրադանաք Ղազիրի որբանոցի ստեղծման եւ հոն գորգագորածարանի հաստատման։
1923ին, Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը (ՄԱՆ), իր հայ որբերու խնամատարական առաքելութեան ծիրին մէջ վարձու կ՛առնէ Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքին մէջ Մսար պալատը եւ կը գործածէ զայն որպէս որբանոց, ուր կը պատսպարուին շուրջ 1400 հայ որբուհիներ: Որբանոցը կը գործէ տնօրէնութեամբ տոքթ. Ճէյքըպ Քիւնցլերի, որ շուտով կը հաստատէ որբանոցէն ներս գորգի գործարան մը՝ հսկողութեամբ Ուրֆայէն գաղթած գորգագործութեան վարպետ պրն. Թաշճեանի: Տոքթ. Քիւնցլեր ՄԱՆէն կը պահանջէ 1000 ամերիկեան տոլարի վարկ մը՝ գորգի գործարանին համար. սակայն ան կը ստանայ միայն 400 տոլար:
Ան չի յուսահատիր եւ մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէ գործը: Հայ որբուհիները վարպետ Թաշճեանի միջոցաւ կը սորվին գորգագործութիւն: Երեք տարի ետք՝ 1925ին, 10 ամսուան ընթացքին հայ որբուհիները կը հիւսեն շատ գեղեցիկ եւ հրաշալի գորգ մը՝ նկարազարդուած զանազան կենդանիներու պատկերներով, 11.7 ոտք լայնքով, 18.5 ոտք երկայնքով եւ 4,404,260 հանգոյցով: Գորգը իր ամբողջութեան մէջ կը ներկայացնէ Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը: Անոնք կ՛որոշեն գորգը նուիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվըն Քուլիճին:
Ղազիրի հայ որբերը յղացած են այս գաղափարը եւ գործի վերածած իրենց յղացումը՝ ի մտի ունենալով երեք նպատակներ.
1.- Շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումներ յայտնել ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս հայ որբերուն կողմէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ի նպաստ հայ որբերուն իրենց կատարած նիւթական մեծ օժանդակութիւններուն համար:
2.- Ցոյց տալ համայն աշխարհին, թէ իրենք ներկայացուցիչներն են հայ որբերու հսկայ բանակին եւ հայ ողբաշխարհին, որոնք ստեղծուեցան դահճապետ թուրքերուն կողմէ գործադրուած հայկական աննախընթաց Ցեղասպանութեամբ:
3.- Բարձրաձայն յուշել բոլոր ազգերուն եւ մասնաւորապէս թուրք ժողովուրդին, թէ հայ նահատակներու անհանգիստ աճիւնները իրենց հանգիստը պիտի չգտնեն, ամէն մէկ հայու հոգին պիտի չխաղաղի եւ Հայ Դատը պիտի մնայ մնայուն դատը ամբողջ հայ ժողովուրդին, այնքան ատեն որ չէ յարգուած իր իրաւունքները եւ չեն գոհացուած իր պահանջները՝ արդար հատուցումով:
Գորգը կը ներկայացուի նախագահ Քուլիճին, 4 Դեկտեմբեր 1925ին: Գորգին ետեւը՝ պիտակի մը վրայ, արձանագրուած է. In golden rule of gratitude to President Coolidge:
Նախագահ Քուլիճ, ստանալէ ետք այս պատմական եւ աննախընթաց նուէրը՝ կը յայտարարէ. The rug has a place of honor in the White House where it will be a daily symbol of goodwill on earth։
1923-1930, այս գործարանէն կ՛արտադրուի 3254 գորգ եւ կը վկայուին մօտ 1000 հայ որբուհիներ գորգագործութեան վկայագիրով: Այս գորգերուն մեծամասնութիւնը նուէր կը ղրկուի այն ամերիկացիներուն, որոնք մեծ գումարներով օժանդակած էին հայ որբերուն եւ գաղթականներուն՝ ՄԱՆի միջոցաւ: Նախագահ Քելվըն գորգը կը պահէ «Կապոյտ սենեակ»ին մէջ մինչեւ 1928, իսկ նախագահութեան շրջանէն ետք՝ իր տան մէջ: Իր մահէն ետք, գորգը կը մնայ իր ընտանիքին մօտ մինչեւ 1983, երբ գորգը կը վերադարձուի Ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ, հեռու հանրութեան աչքերէն, մինչեւ 2014:
Վերոյիշեալ գորգի պատրաստութեան մէջ իրենց բաժինը բերած են՝
1.- Բալուցի Նարդուհի Խոսրոֆեան, որ կ՛ըլլայ Լոս Անճելըսէն Պետրոս Ալայայտոեանի զոքանչը: Նարդուհի ծնած է 1915ին՝ իր հօրը սպանութենէն ետք թուրք ոճրագործներու կողմէ: Նարդուհին իր մօրը՝ Զարդարին, եւ մեծ քրոջը՝ Խաթունին հետ, բախտը կ՛ունենայ հասնելու Հալէպ: Ան կը ղրկուի Լիբանանի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Ղազիրի հայկական որբանոցը, ուր կը մնայ մինչեւ 1925: Հոն, Նարդուհի կը սորվի գորգագործութիւն եւ կը մասնակցի նախագահ Քուլիճին նուիրուած մեծ գորգի պատրաստութեան: Վերադառնալով Հալէպ՝ ան կ՛աշխատի Հալէպի Հրէական հիւանդանոցին մէջ, որպէս օգնական հիւանդապահուհի, կ՛ամուսնանայ 1936ին Պասիլ Ալաճաճիի հետ ու կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով: Նարդուհի կը մահանայ Լոս Անճելըս, 1988ին:
2.- Վարդուհի Կիւլեզեան ծնած է 1912ին: Ան եղած է Ղազիրի որբուհիներէն՝ այս գորգը հիւսողներէն մէկը: Վարդուհին՝ 14 տարեկանին, Ամերիկա կը ղրկուի 1926ին: Ան կը հաստատուի Մեսեչուսեց նահանգի Էնտովըր քաղաքը: Նախագահ Քլինթընի իշխանութեան օրերուն՝ 1995ին, տիկին Կիւլեզեանի աղջիկը՝ տիկին Մովսէսեան, հեռատեսիլի յայտագիրի մը ընթացքին Ուաշինկթընի նախագահական պալատի «Կապոյտ Սենեակ»ին մէջ եւ ի ներկայութիւն Առաջին տիկին Հելըրի Քլինթընի, գորգ մը կը նշմարէ: Այս գորգը տեսնելէն ետք, տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ իր մօր ամէնօրեայ պատմութիւնը, թէ՝ ինք Ղազիրի որբանոցին մէջ, 14 տարեկան հասակին, այլ որբերու հետ գորգ մը աշխատած է եւ նուիրած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին: Ան կը վերյիշէ նաեւ մօր տուած այդ գորգի նկարագրականը: Տիկին Մովսէսեան մեծ համոզումով կը պնդէ, որ իր տեսած գորգը մօր նկարագրած գորգն է: Շուտով կապ կը պահուի Քլինթընի հետ: Անոր կը տեղեկացուի եղելութիւնը եւ անկէ կը խնդրուի տեսնել այդ գորգը: Ամիս մը ետք, Մովսէսեան ընտանիքը կը հրաւիրուի Ուաշինկթըն, նախագահական պալատ, տեսնելու համար գորգը: Տիկին Մովսէսեան իր մօր, ամուսնոյն եւ այլ բարեկամներու հետ կ՛երթայ ու կը տեսնէ գորգը, որուն վրայ եղած արձանագրութիւնները կը փաստեն գորգի մանրամասնութիւնները: Իսկ նախագահական արխիւներուն մէջ կը տեսնուի գորգի պատմականը եւ անոր՝ ինչպիսի պայմաններու տակ նախագահ Քելվինի հասնիլը։
Ղազիրի գորգի նմանօրինակին յայտնաբերումը կ՛ըլլայ այսպէս.
2014ի վերջերը, Լոս Անճելըսի «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մակի Մանկասարեան-Քոշենը այցելութեան կ՛երթայ Ճէյքըպ-Յակոբ Քիւնցլերի աղջկան՝ Լիզպեթ Քիւնցլերի տունը: Հոն կը տեսնէ շատ գեղեցիկ գորգ մը՝ զարդարուած հեքիաթային ծաղիկներով, բոյսերով, վազվզող եղնիկներով եւ զանազան տեսակի կենդանիներով: Մակի Մանկասարեան շուտով կը մտաբերէ նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգը եւ նմանութիւն մը կը տեսնէ անոր ու Լիզպէթ Քիւնցլերի տան մէջ գտնուղ գորգին միջեւ: Ի յայտ կու գայ, որ այս գորգը նմանօրինակ է նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին, սակայն՝ աւելի պզտիկ, միայն 8000 հանգոյցներով եւ հիւսուած Ղազիրի գորգագործարանի հայ որբերուն կողմէ՝ 1925ին: Ուրեմն, Ղազիրի գորգագործարանի հայ որբերը 1925ին նուիրած են այս նորայայտ գորգը Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Ճէյքըպ Քիւնցլերին, առ ի երախտագիտութիւն անոր որբախնամ ծառայութեան: Օրին, գորգի գոյնի ընտրութեան իրաւունքը տրուած է Ուրֆա ծնած Ճէյքըպ Քիւնցլերի կրտսեր աղջկան: Տոքթ. Քիւնցլեր հոգածութեամբ կը պահէ գորգը մինչեւ 1945 թուական, Լիբանանի իր տան մէջ: Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վերջաւորութեան, ան գորգը կ՛ուղարկէ Ամերիկա, իր աղջկան՝ Լիզպէթին: 70 տարիներ այս գորգը կը մնայ Լիզպէթի մօտ եւ հայերու ուշադրութենէն հեռու: Մակի Մանկասարեան հիացմունքով կը դիտէ այս գորգը եւ արտօնութիւն կ՛առնէ Լիզպէթի դուստրէն՝ Փօլի Մարշըլէն, որ կազմակերպուի այս գորգի ցուցահանդէսը, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ: Փօլի պատասխանը կ՛ըլլայ դրական: Արդէն իսկ Փօլի Մարշըլ ներկայ գտնուած է քանի մը ամիսներ առաջ Սպիտակ տան մէջ նախագահ Քուլիճի նուիրուած Ղազիրի գորգի ցուցադրութեան: Հոն, Փօլի հոգեպէս ցնցուած՝ կը մտաբերէ իրեն համար անծանօթ մեծ հօր ու մեծ մօր դերակատարութիւնը այդ գորգի պատրաստութեան եւ անոր հեղինակներու՝ հայ որբուհիներու, վերապրումին մէջ: Ան գիտնալով, որ Սպիտակ տան մէջ ցուցադրուած գորգը տասնամեակներէ ի վեր պատանդ դարձած էր եւ հեռու պահուած հանրութենէն՝ կը վերահաստատէ Ղազիրի գորգի նորայայտ նմանօրինակի ցուցադրութիւնը՝ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ, որպէսզի հայ եւ ամերիկացի հանրութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ տեսնելու զայն: Գորգի ցուցադրութիւնը կ՛որոշուի կատարել 2015ի Մայիս ամսուն:
Այս երկու գորգերը կենդանի վկայութիւններ են Հայոց Ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի ստեղծումին, հայ որբերու վերապրումին եւ հայ ժողովուրդի ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ:
Օգտագործուած Աղբիւրներ՝
1. Aghajanian Liana, The Armenian rugs that tell two stories, BBC Magazine, 22 April 2015.
2. Deranian Dr. Hagop Martin, President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug, Sep 2013.
3. Der Bedrossian Levon, The call of the orphans and the rug, Armenian rugs society newsletter, San Francisco, March 2014.
4. Kelechian M. Missak, Near East Relief and the Armenian Genocide July 28, 2013.
5. Kelechian M. Missak, 15 years of untold story and unsung American heroes missing from our history pages.
6. Vartabedian Tom, Armenian orphan rug lives up its name, The Armenian weekly, July 21, 2010.
7. Հարպոյեան Կարպիս, «Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան որբերը, որբանոցները եւ որբաշխարհը», «Խաչելութեան Ճանապարհը», 2015, Մոնթրէալ.
8. Հարպոյեան Կարպիս, «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի աննախընթաց օգնութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան գաղթականներուն եւ որբաշխարհին», «Խաչելութեան Ճանապարհը», 2015, Մոնթրէալ.
9. Հարպոյեան Կարպիս, «Ղազիրի գորգին հետքերով», «Խաչելութեան Ճանապարհը», 2015, Մոնթրէալ։