ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած է հայ գործարար Արամ Սուվարեան: Անոր դէմ առաջադրուած է 2 միլիոն ռուպլի կաշառք վերցնելու մտադրութեան մեղադրանքը:
Քաղաքապետարանի փոխադրութեան վարչութեան պետ Արամ Սուվարեանի անունը Նովոսիպիրսքի մէջ ծանօթ է: Ան միշտ քաղաքական ու հասարակական գործունէութեան մէջ էր մինչեւ ձերբակալութիւնը: Այժմ ան կալանաւորուած է:
Սուվարեաններու ընտանիքի ջանքերով քաղաքին մէջ բարեկարգուած են մանկապարտէզներ, վերանորոգուած է գաղթականութեան հարցերու շէնքը, ան աջակցած է վեթերենաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու:
Արամ Սուվարեան Նովոսիպիրսքի մէջ քանի մը պաշտօններ զբաղեցուցած է. եղած է Կոմունիստ կուսակցութեան գործօն անդամ:
Սուվարեաններու ընտանիքի նիւթական կարողութեան մասին ռուսական մամուլի հրատարակութիւններուն համաձայն՝ անոնց կը պատկանի քաղաքային շուկաներէն մէկը, որ տարեկան մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար եկամուտ ունի:
Սուվարեանի ձերբակալման հետ կապուած՝ երկու հաւանական տարբերակ կը շրջանառուի: Առաջինի համաձայն՝ ան ֆինանսապէս կ՛աջակցէր Կոմունիստ կուսակցութեան, որ Նովոսիպիրսքի մէջ յաղթած է «Եդինայա Ռոսիա»ին, երկրորդ տարբերակը՝ Սուվարեան ձեռնամուխ եղած էր Նովոսիպիրսքի հասարակական փոխադրութեան բարեփոխումներու լուրջ ծրագիրի իրականացման, բան մը, որ որոշ մարդոց գործին կը վնասէր: