ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Թերթ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Սեմիհ Եալչըն սպառնացած է Ճեմալ փաշայի թոռան՝ թուրք լրագրող Հասան Ճեմալին, քիւրտերուն ի նպաստ անոր որդեգրած կեցուածքին համար:
Եալչըն ըսած է, թէ քիւրտերուն աջակցելով՝ Հասան Ճեմալ կ՛աջակցի թուրք զինուորներու, ոստիկաններու եւ քաղաքացիներու ուղղութեամբ կրակ բացողներուն:
«Դուն թուրք ազգի թշնամիներուն հետ կը գործակցիս: Թուրք ազգն ու պետութիւնը գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի յաղթէ քեզի եւ նմաններուդ», սպառնացած է ան:
«Սթար» թերթի յօդուածագիր Ահմետ Քեքեչ եւս աւելցուցած է, թէ Ճեմալ «հայերէ բռնագրաւուած ապարանքի մը ժառանգորդ»ն է։
Ճեմալ այս վերջին մեղադրանքին պատասխանած է՝ ըսելով, որ ինք հայերէ բռնագրաւուած շէնք չունի եւ որ «այսպիսի սուտեր հանրային կարծիքը խաբելու կը ծառայեն»։
Ճեմալ անգամ մը եւս ազգայնամոլներու ամբողջ զայրոյթը իրեն վրայ հրաւիրած է. որոշ շրջանակներ շատ անհանգիստ են անոր հայանպաստ կեցուածքէն։
Նշենք, որ Ցեղասպանութեան մասին հատոր մը գրած Ճեմալը վերջերս հրատարակած էր յօդուած մը՝ պատասխանելով Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիի այն պնդումին, թէ քրտամէտ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկողները «անպատիւ» են։
Միւս կողմէ, թրքական «Հայկական կեղծ պնդումներուն դէմ պայքար» կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս յերիւրանքներ պարունակող յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է: Կազմակերպութիւնը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է հայ վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանի դէմ եւ ըսած է, թէ անոր հեղինակած եւ վերջերս հրապարակուած «Բաց Վէրքեր. Հայեր, Թուրքեր եւ Ցեղասպանութիւն. Հարիւր Տարիները» գիրքը կը պարունակէ սուտ մեղադրանքներ՝ ուղղուած թրքական պետութեան եւ թուրք ժողովուրդին: Կազմակերպութիւնը նաեւ նշած է, թէ դատ պիտի բանայ Չըթրեանի դէմ: