ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Յուլիս 18ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան հիւրընկալութեամբ եւ Երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբի համաատենապետներ Վիք Պեքարեանի եւ Քրիս Քիրիքեանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ աշխատանքի դիմումներու պատրաստութեան նուիրուած աշխատանիստ մը:
Յատկապէս ներկայ կամ ապագայ գիտնականներուն եւ ճարտարապետներուն օժանդակելու նպատակով իրականացած այս նախաձեռնութեան բացումը կատարեցին Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան, Վիք Պեքարեան եւ Քրիս Քիրիքեան, իսկ դիմումնագիրներ պատրաստելու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Մարտի Ղազարեանս, ապա տեղի ունեցան խմբային եւ անհատական խորհրդակցութիւններ։