ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Եահու Թրեվըլ» ճամբորդութիւններու նշանաւոր կայքը հրապարակած է յօդուած մը Գիւմրիի մէջ արդէն 75 տարիէ ի վեր գործող վարսավիրանոցին մասին:
«Այստեղ ամէն բան իրական է՝ վարսավիրները, կահաւորումը, սարքաւորումը, որոնք բոլորն ալ անփոփոխ մնացած են տասնամեակներ շարունակ: Կարմիր նստարաններով աթոռները այստեղ դրուած են արդէն 50 տարիէ ի վեր, իսկ գլխաւոր վարսավիրը կ՛աշխատի 60 տարիէ ի վեր: Խաչիկ Արիստակէսեան 84 տարեկան է», կը գրէ յօդուածագիր Կրեկ Քերակէօզեան:
Ան նշած է, որ պատահաբար գտնուած է այդ վայրին մէջ՝ դիտել տալով, թէ հայու մը համար, որ երբեք չէ այցելած այս երկիրը, նման վարսավիրանոց մը անկասկած կենդանի թանգարան է, որ անփոփոխ մնացած է խորհրդային տարիներէն: Սակայն վարսավիրանոցի գլխաւոր հմայքը նոյնինքն իրենք՝ վարսավիրներն են, որոնք գիտեն Գիւմրին այնպէս, ինչպէս ուրիշ ոչ ոք: «Մինչեւ օրս վարսավիրանոցը կը հանդիսանայ այնպիսի վայր մը, ուր մարդ ո՛չ միայն մազ կը կտրէ, այլ վայր մը, ուր կարելի է հանգստանալ՝ թերթ կարդալով, հանդիպիլ ընկերներու, ծխախոտ ծխել, ուր կարելի է երթալ որդիիդ ընկերակցութեամբ եւ ուր թնդացող ծիծաղը կրնայ հին պատերը շարժել», կը գրէ հեղինակը:
Վարսավիրանոցը «վերապրած է» երկրաշարժէն եւ ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուած է 1982էն ետք։
Վարսավիրանոցի առաջարկած ծառայութիւններէն հեղինակը կ՛որոշէ սափրուիլը, որուն փոխարէն վարպետ Դաւիթը ոչ մէկ դահեկան կ՛առնէ, հակառակ հեղինակին պնդումներուն։