ՊԸՐՔԼԻ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրէն կը տեղեկանանք, թէ հայերէն լեզուի բազմամեայ դասախօս Սանդուխդ Միքայէլեան հանգստեան կոչուելէ ետք, այդ պաշտօնին նշանակուած է դոկտ. Յասմիկ Սերոբեան, որ դասաւանդումներուն պիտի սկսի գալիք աշնան։
Հալէպ ծնած դոկտ. Յասմիկ Սերոբեան վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն. նախապէս հայերէն դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ՝ հայերէնի դասաւանդաման շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելուն եւ դասանիւթեր պատրաստելուն կողքին։
Նաեւ, 2016 կրթական տարեշրջանի գարնան, իբրեւ «Վըրնըմ Փօլ այցելու դասախօս»՝ դոկտ. Միրնա Տուզճեան հայկական եւ ռուսական գրականութեան առնչուող երկու դասանիւթեր պիտի մատուցէ։