ԵՐԵՒԱՆ.– Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի Ռուսիոյ զինուած ուժերու փոխհրամանատար, Գլխաւոր հետախուզական վարչութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Իկոր Սերկունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու գերագոյն ղեկավարման մարմինի եւ ռազմական հետախուզութեան ղեկավարութեան հետ կայանալիք հանդիպումներուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել տարածաշրջանային եւ միջազգային տարողութիւն ունեցող ռազմաքաղաքական թեմաներ, ինչպէս նաեւ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ երկու երկիրներու անվտանգութեան ապահովման իմաստով երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.