Վերջերս ի յայտ եկած են Թուրքիոյ կողմէ Ինճիրլիքի ռազմակայանը ԱՄՆին տրամադրելու պայմաններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Թերթ Էյ.Էմ.»ը՝ վկայակոչելով «Հիւրրիյէթ» թերթի կայքը, կը նախատեսուի Սուրիոյ տարածքին, Թուրքիոյ սահմանէն 90 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող գօտին ոչ-թռիչքային գօտի յայտարարել:
Կը նշուի նաեւ Թուրքիոյ յարակից շրջանները իսլամական ահաբեկիչներու վերահսկողութեան չյանձնելու անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ հակառակ պարագային՝ դէպի Թուրքիա փախստականներու հոսքի նոր ալիք պիտի սկսի: Անհրաժեշտութեան պարագային, գործողութիւններ պիտի իրականացնեն նաեւ թրքական ռազմական օդանաւերը:
Անվտանգութեան գօտիի ստեղծումէն ետք, այնտեղ պիտի արգիլուին սուրիական վարչակարգին պատկանող ինքնաթիռներու թռիչքները: Սուրիոյ մէջ կռուող քիւրտերը թրքական ուժերու ուշադրութեան առարկան պիտի չըլլան այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնց կողմէ Թուրքիոյ սահմանին ուղղակիօրէն սպառնացող վտանգ չկայ:
Անհրաժեշտութեան պարագային, ԱՄՆի ու Դաշնակից ուժերը, Ինճիրլիքի կողքին իրաւունք պիտի ունենան օգտագործելու նաեւ Պաթմանի, Տիարպեքիրի ու Մալաթիոյ ռազմակայանները:
Յիշեցնենք, թէ նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, որ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք՝ ԱՄՆ եւ Թուրքիա համաձայնած են, որ Թուրքիան Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայանը տրամադրէ ամերիկեան օդուժին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.