ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրող Սեդա Հերգնեան կը գրէ, թէ այս տարուան Յունուար-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է աւելի քան 15 միլիոն լիթր հանքային ջուր, ինչ որ 24.9 տոկոսով նուազ է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս ժամանակաշրջանին նուազած է նաեւ աղբիւրի ջուրի եւ բնական հիւթերու արտադրութեան քանակը: Մասնաւորաբար, արտադրուած է 9.98 միլիոն լիթր աղբիւրի ջուր (նուազում՝ 3.6 տոկոս) եւ 5.92 միլիոն լիթր բնական հիւթ (նուազումը՝ 10.4 տոկոս):
Վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է նաեւ հանրապետութեան մէջ արտադրուած այլ տեսակի ոչ ոգելից ըմպելիներու արտադրութեան քանակը: Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն անիկա կազմած է աւելի քան 25 միլիոն լիթր, որ 9.3 տոկոսով կը գերազանցէ 2014ի առաջին հինգ ամիսներու ցուցանիշը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.