
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեան իր պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է:
Անցեալ Շաբաթ, Յուլիս 18ին, նախագահը ընդունած է Սաղաթելեանի հրաժարականը եւ անոր փոխարէն նոր նշանակում կատարած:
Նախագահի հրամանագիրով մամուլի նոր քարտուղար նշանակուած է Վլատիմիր Յակոբեան:
Վլատիմիր Յակոբեան ծնած է 1982ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի թիւ 167 միջնակարգ դպրոցը, ապա՝ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մշակոյթի ռատիօլրագրութեան բաժինը:
2003-2005 ծառայած է ՀՀ բանակ: Դեկտեմբեր 11, 2006էն մինչեւ այս տարուան Յուլիս 17, աշխատած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կառոյցին մէջ: