ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անգամ մը եւս 50 ջաւախքահայ պատանիներ երկու շաբթուան ճամբար պիտի վայելեն Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոններէն ներս: ՀԵԴի ճամբարի խորհրդատուները եւ վարիչները իրենց կարելին կ՛ընեն թեթեւցնելու ու պայծառացնելու ջաւախքահայերու դժուարին կեանքը, թէկուզ ճամբարի տեւողութեան ընթացքին: Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը դարձեալ հովանաւորեց պատանիները. արդարեւ, 2006-2007 տարեշրջանէն ի վեր, շրջանս կը հովանաւորէ երկու կեդրոններու տարեկան գործունէութեանց բոլոր ծախսերը։
«Հայրենի Ջաւախքը անբաժան մասնիկն է մեր հայրենիքին», ըսաւ Մարալ Մաթոսեան՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան համա-ատենապետուհին՝ աւելցնելով. «ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամին հովանաւորած երիտասարդական կեդրոններու կարիքներուն հասնելու միտումով, Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը «Ջաւախքի գանձանակ»ներով այս տարի եւս շօշափելի բաժին բերաւ այս ծրագիրին»:
Շրջանիս դպրոցներու աշակերտութիւնը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարաններ, ներառեալ՝ ՀՕՄի միօրեայ դպրոցներու աշակերտները, հանգանակեցին այդ գումարները՝ գանձանակներու ծրագիրին միջոցով, որ կը միտի բարեսիրութիւնն ու æաւախքի պատմութիւնը միացնել: Այս տարի, դպրոցները միասնաբար հանգանակեցին 18,333 տոլար, որ ուշագրաւ գումար է, որովհետեւ նոյն աշակերտները նշեալ տարեշրջանին ընթացքին շատ այլ բարեսիրական նպատակներու համար եւս հանգանակութիւն կատարեցին:
Նուիրատու դպրոցներու անունները, վայրերն ու գումարները հետեւեալներն են.
ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Սան Ֆերնանտօ Հովիտ՝ 636 տոլար
ՀՕՄի «Արաքս» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Սաութ Պէյ՝ 125 տոլար
ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտ՝ 277 տոլար
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց՝ 799 տոլար
ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Նորթ Հոլիվուտ՝ 128 տոլար
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Կլենտէյլ՝ 354 տոլար
ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Օրենճ Քաունթի՝ 355 տոլար
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի միօրեայ դպրոց, Փասատինա՝ 335 տոլար
Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Աւետարանական վարժարան, Շըրմըն Օքս՝ 385 տոլար
Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկապարտէզ, Էնսինօ՝ 1575 տոլար
Սրբոց Նահատական Ֆերահեան Ազգային վարժարան, Էնսինօ՝ 4311 տոլար
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան, Սան Ֆրանսիսքօ՝ 800 տոլար
Մեսրոպեան Ազգային վարժարան, Փիքօ Ռիվերա՝ 426 տոլար
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, Հոլիվուտ՝ 3235 տոլար
Ս. Աստուածածնայ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր, Կլենտէյլ՝ 2390 տոլար
Վահան Եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան, Կլենտէյլ՝ 2202 տոլար
ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբի անդամները եւ այլ կամաւորներ քրտնաջան աշխատեցան գումարները հաշուելու եւ տարեշրջանին ընթացքին հրապարակային ու հանգանակային աշխատանքներով իրենց կարելին ըրին՝ ջաւախքահայութեան օգնելու համար:
Մաթոսեան այս առթիւ նաեւ ըսաւ. «ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի, նաեւ՝ ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբին»:
***
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող շուրջ 1200 անդամներով: Շրջանիս ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: