Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Ապտ Ուահետ Նապաուի վերջերս ընդունեց Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնրանի այցելութիւնը: Երկու կողմերը քննեցին երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային կապերը եւ համաձայնեցան, որ Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուելիք Հայկական մշակութային օրերը տեղի ունենան 15-21 Սեպտեմբերի միջեւ, նաեւ Եգիպտոս իր մասնակցութիւնը բերէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ձեռնարկներուն: Դեսպանը Հայաստան հրաւիրեց նախարարը՝ ներկայ գտնուելու յիշեալ նախաձեռնութեան:
Ապտ Ուահետ Նապաուի հաստատեց, որ հայերը մեծ դերակատարութիւն ունեցած են Եգիպտոսի մշակութային կեանքին մէջ, եւ առաջարկեց, որ 2 կողմերու մշակութային կապը զարգանայ գիրքերու թարգմանութեամբ: Այլ խօսքով, Եգիպտոսի մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող գիրքեր թարգմանուին հայերէնի եւ Հայաստանի մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող գիրքեր թարգմանուին արաբերէնի, որպէսզի երկու երկիրները մօտէն ճանչնան զիրար:
Արմէն Մելքոնեան, իր կարգին, հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ մշակութային կապերը շատ սերտ են՝ աւելցնելով, որ Եգիպտոսի համալսարանին մէջ բաժանմունք մը կայ, ուր կ՛ուսուցանուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, նաեւ՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան պատմութիւնը: Երեւանի համալսարանին մէջ նաեւ արաբերէնի բաժանմունք կայ եւ կ՛ուսուցանեն արաբերէն պատմութիւն եւ գրականութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.