ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հիմա արդէն ունինք հրապարակային վկայութիւնը Լիբանանի «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան եւ փաստերը յստակ են:
Ժիպէյլի գեղատեսիլ ծովափին, աչքերէ հեռու, պզտիկ գերեզմաննոց մը կայ, համեստ եւ սրտառուչ տապանաքարերով, ուր թաղուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած որբեր, որոնք չեն կրցած դիմանալ նախճիրի հետեւանքներուն եւ շիջած են կանուխ, երբ դեռ կը գտնուէին որբախնամ ձեռքերու հոգածութեան ենթակայ: Ես քանիցս այցելած եմ այս գերեզմաննոցը (առաջինը՝ երջանկայիշատակ Ներսէս սրբազանի առաջնորդութեամբ, ինք եւս՝ որբերու առաջին սերունդէն):
Քանիցս կանգ առած եմ այդ վտիտ եւ անշուք շիրիմներուն առջեւ եւ փորձած եմ մտքով վերակառուցել այդ օրերու մեր հերոսական պատմութիւնը՝ մեր ժողովուրդի վերջին շունչը փրկելու աւետարանական կիրքով նշանաւորուած: Քանիցս յիշած եմ զայն Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի վարժողական սեմինարներուն՝ թելադրելով, որ նորահաս մեր տղաքն ու աղջիկները անպայման այցելեն Ժիպէյլ, անպայման քալեն Մարիա Ճէյքըպսընի ոտնահետքերով եւ գտնեն բաբախող վկայութիւնը: Աշխարհի մէջ միակ տեղն է այս գերեզմանավայրը, ուր դեռ կ՛ապրին մեր որբերը. կ՛ապրին հզօր ներկայութեամբ եւ ահաւասիկ դար մը ետք կը շարունակեն խօսիլ մեզի:
Մենք մեծ յարգանք կը պարտինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի վեհափառ հայրապետներուն, որոնք իրենց հայրական հոգատարութեան տակ առին «Թռչնոց Բոյն»ը եւ շարունակեցին անոր մարդասիրական մեծ առաքելութիւնը մինչեւ այսօր: Յարգանք կը պարտինք նաեւ մեր ազգային իշխանութեանց եւ «Թռչնոց Բոյն»ի յարգարժան խնամակալութեան, որոնք օրը-օրին այս ազգօգուտ հաստատութեան կենսունակութիւնը կ՛ապահովեն դժուարին ճիգերով: Մեր պիւտճէները դիւրաւ չէ որ կը ձեւաւորուին, եւ ամէն մարմին հայ կեանքի մէջ կը դիմագրաւէ մեծ երկուութիւններ մեր առաջնահերթութիւնները ֆինանսաւորելու բարդ խնդիրին մէջ: Չեմ թերագնահատեր: Եւ սակայն…
Եւ հոս է, որ կը դրուի մեծ հրամայականը: Մենք պիտի միանգամընդմիշտ որոշենք, որ մեր ազգային ժառանգութիւնը ենթակայ չէ սակարկութեան: Պիտի որոշենք, որ մեր հաւաքական կեանքին այդ մասը վերջնականօրէն անձեռնմխելի է եւ վեր՝ բոլոր ատեաններէն եւ իշխանութիւններէն:
Մեր ազգային ժառանգութիւնը կը պատկանի մեր ժողովուրդի անցեալ, ներկայ եւ գալիք բոլոր սերունդներուն: Մեր միակ պարտականութիւնն է զայն ՊԱՀՊԱՆԵԼ անխաթար եւ ամբողջական եւ զայն մեծ նախանձախնդրութեամբ եւ որպէս աւանդ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Որբերու այս աննշան թուող գերեզմաննոցը մեր հաւաքական յիշողութեան կենդանի վկան է եւ պիտի պահպանուի որպէս այդպիսին:
Աւելի՛ն: Ան պիտի դառնայ անքակտելի մասը Հայոց Ցեղասպանութեան այն թանգարանին, որ արդէն ստեղծուած է «Թռչնոց Բոյն»ի պատմական համալիրին մէջ Արամ վեհափառի նախաձեռնութեամբ եւ Հայ Դատի գործին զինուորագրուած մեր ազնիւ ընկերոջ՝ Ալեքքօ Պեզիկեանի, տիկ. Անի Պեզիկեանի եւ իրենց հրաշալի ընտանիքի բոլորանուէր աջակցութեամբ:
Այլ տարբերակ չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Գերեզմաննոցը «զոհելու» տարբերակը՝ այլ ծրագիրներ կարելի դարձնելու պատճառաբանութեամբ ցնցիչ հակասութեան մէջ է Ցեղասպանութեան Թանգարանի գաղափարի էութեան հետ: Որբերը չեն, որ պիտի ֆինանասաւորեն մեր գործերը:
Հետեւաբար այս էջը պէտք է փակուի առանց յաւելեալ վիճաբանութեան եւ գերեզմաննոցը պէտք է մնայ հոն, ուր որ է: Խնամակալութեան պարտաւորութիւնն է գերեզմանափորները հեռու պահել որբերու այս սրբավայրէն:
Յուլիս 13, 2015