ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յառաջիկայ Սեպտեմբերին Շուշիի մէջ բացումը պիտի կատարուի մատենադարանի մասնաճիւղի մը: Այս մասին յայտարարեց «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
Ան յայտնեց, որ այդ մատենադարանը պիտի բացուի հիմնադրամին միջոցներով, եւ աշխատանքները արդէն իրականացած են:
«Շուշիի մէջ մատենադարանի մասնաճիւղ բանալու մեր ծրագիրը ոչ միայն մշակութային է, այլ նաեւ քաղաքականութիւն է՝ ցոյց տալու համար մեր մշակոյթը, որ մենք դարեր առաջ վանքեր ունեցած ենք», ըսաւ ան:
Գաբրիէլ Չեմպերճեան նշեց, որ կան շատ արժէքաւոր նմուշներ, որոնք կը գտնուին Երեւանի մատենադարանին մէջ եւ անոնց կրկնօրինակները պէտք է ցուցադրուին Շուշիի նորաբաց մասնաճիւղին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի մատենադարանի մասնաճիւղի բացման քաղաքական նշանակութեան, ան ըսաւ, որ արտերկրէն եկող հիւրերը այցելելով Շուշի, պիտի տեսնեն, որ այդտեղ ատրպէյճանական որեւէ բան չկայ: