ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Օր».- Շրջանի ՍԴՀԿի կազմակերպութեամբ, Յունիս 14ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, 1915ին կախաղան հանուած 20 հնչակեան հերոսներու յիշատակին ոգեկոչումը։
Հայ ազգի ազատագրութեան համար զոհուած ազատատենչ նահատակները, Ս. Էջմիածինի մէջ արդէն սրբադասուած են, որովհետեւ անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ անբաժան մասնիկն էին։ Անմար մնայ անոնց յիշատակը։
Այս առիթով, յիշատակութեան հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր, օրուան գլխաւոր բանախօս ունենալով հայրենիքէն ժամանած հասարակական գործիչ Սարգիս Հացպանեանը եւ ՍԴՀԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը, որոնք
ներկայացուեցան շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեանի կողմէ։
Սարգիս Հացպանեան եւ Յակոբ Տիգրանեան անդրադարձան 20 հայ նահատակներուն հերոսական գործունէութեան եւ անոնց կախաղանէն արձակուած ազգային ոգեշունչ վերջին խօսքերուն, որոնք կ՛արծարծուին մեր ներկայ եւ յաջորդ սերունդներու ոգիին մէջ, վառ պահելով անոնց յիշատակը։
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին մէջ հանդէս եկան հայրենի երգիչներ Յարութ Պալեան, Առնօ Մկրտչեան եւ Սալբի Մայիլեան։ Իսկ «Սիփան» երգչախումբի խմբավար Սամուէլ Վարդանեան եւ Հենրիկ Անասեան, մասնակցութեամբ դաշնակահար Լեւոն Աբրահամեանի, ներկայացուցին ազգային հերոսական եւ ոգեւորիչ երգեր՝ խանդավառելով ներկաները։