ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի հետ: Ողջունելով հիւրը՝ Տարօն Մարգարեան նախ շնորհաւորած է Արա Նաճարեանը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնին համար եւ մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ։ Համառօտ կերպով ներկայացնելով Երեւանի կառավարման հարցին մէջ իր մօտեցումներն ու առաջնահերթութիւնները՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նաեւ անդրադարձած է այն ոլորտներուն, ուր Երեւանի քաղաքապետարանը այսօր արդիւնաւէտօրէն փոխգործակցութիւն կը ծաւալէ քոյր եւ գործընկեր քաղաքներուն հետ: Քաղաքապետը նաեւ յոյս յայտնած է, որ հայ պաշտօնակիցը իր կարգին պիտի նպաստէ, որպէսզի Կլենտէյլի հետ եւս փոխգործակցութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ ու յաջող:
«Վստահ եմ՝ Երեւանը եւ Գլենդելը համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ եւ հեռանկար ունեն ինչպէս քաղաքային տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներում, այնպէս էլ կառավարման հարցում փորձի փոխանակման առումով: Հաշուի առնելով նաեւ Գլենդելում հայ համայնքի ունեցած մեծ դերակատարումը՝ վստահ եմ, որ մենք կը կարողանանք երկուստեք փոխշահաւէտ համագործակցութիւն հաստատել ու նոր թափ հաղորդել մեր յարաբերութիւններին», նշած է Տարօն Մարգարեանը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան ու համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան իր կարգին յատուկ կերպով անդրադարձած է հայ գաղութի աշխոյժ գործունէութեան՝ ընդգծելով, որ անիկա իր ուրոյն եւ կարեւոր դերակատարութիւնը ունի Կլենտէյլի զարգացման մէջ: Արա Նաճարեան նաեւ վստահեցուցած է, որ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ պիտի ընէ առաւելագոյնը՝ Երեւանի եւ Կլենտէյլի միջեւ կապերու աւելի սերտացման ու նոր ծրագիրներու իրականացման համար:
«Իսկապէս կայ համագործակցութեան լայն դաշտ, եւ յատկապէս պէտք է շեշտեմ, որ Երեւանը իրօք շօշափելի զարգացում ապրած է քանի մը տարուան ընթացքին։ Իմ վերջին այցելութենէս ետք անիկա իսկապէս լրիւ փոխուած է, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Որպէս քաղաքապետ նաեւ գիտեմ, որ ասիկա ամէնօրեայ աշխատանքի ու հետեւողականութեան արդիւնք է: Կ՛ուզեմ նաեւ վստահեցնել, որ իմ լիազօրութիւններու ծիրիս մէջ կարելիս պիտի ընեմ երկուստեք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ», նշած է Արա Նաճարեան:
Հանդիպման աւարտին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը միշտ բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է քննարկելու որեւէ առաջարկ, որ պիտի նպաստէ երկու քաղաքներուն միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.