ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Յունիս 25ին ներկայացուցած է մարդկային իրաւունքներու գծով նախարարութեան տարեկան տեղեկագիրը, ուր դարձեալ խիստ քննադատութիւններ կան Թուրքիոյ հասցէագրուած։
Թուրքիոյ յատկացուած բաժինին մէջ, Անգարայի իշխանութիւնները կը մեղադրուին 2014ի ընթացքին վրէժխնդրական նկատառումներով պատիժներ իրականացնելու քաղաքականութեամբ։
Կը նշուի, որ վարչակարգէն ներս կաշառակերութիւնն ու զեղծարարութիւնները աւելի մեծ համեմատութիւններու հասած են, իսկ թափանցիկ գործունէութիւնն ու հաշիւ տալու քաղաքականութիւնը պակսած է իշխանութիւններուն մօտ։
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մասնաւորապէս ծանր արտայայտութիւններ ունեցած է լրագրող Ամպերին Զամանի մասին, զայն որակելով որպէս «լրագրողի դիմակին տակ թաքնուած անամօթ զինեալ մը»։ Նախագահի յարձակումներէն զերծ չեն մնացած նաեւ բազմաթիւ այլ լրագրողներ, որոնցմէ շատեր աւելի ուշ մահուան սպառնալիքներ ստացած են։
Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւնը շատ սահմանափակ է, իրաւական դաշտն ու ապահովութեան համակարգը քաղաքականացած են, կողմնակալութիւնը նկատելի է բոլոր ոլորտներուն մէջ, նշուած է տեղեկագրին մէջ, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Դեկտեմբեր 2013ի «մեծ կաշառք»ի գործին, ու կ՛ըսուի, որ իշխանութիւնները քանի մը նախարարներու եւ անոնց ընտանիքներուն դէմ բացուած դատերը չեղեալ նկատելու նպատակով, հազարաւոր ոստիկաններ եւ դատախազներ պաշտօնազրկած են, իսկ նախարարներու դատական թղթածրարները փակուած ու փաստերը հրկիզուած են։
Կ՛ընդգծուի, որ այն լրագրողները, որոնք քննադատութիւններ կ՛ուղղեն իշխանութիւններուն, նշաւակ կը դառնան հալածանքներու ու հետապնդումներու։ Ժողովրդական ամենափոքր ընդդիմադրութեան պարագային, արգելքներ կը դրուին ընկերային ցանցերու վրայ, ապահովութեան ուժերը բողոքի ցոյցերը ցրուելու համար ծայրայեղ ուժ կը գործադրեն եւ ցուցարարներ հսկողութեան տակ կ՛առնուին։
Կիներու դէմ գործուած յարձակումները, դեռահասներու ամուսնութիւններն ու «պատիւի համար» կատարուած սպանութիւններն ալ լուսարձակի տակ առնուած են։