(Ծնեալ՝ 1923ին, Անտիոք, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Գէորգ Քէօշկերեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Rose Hills Memorial Park գերեզմանատան Skyrose Chapel մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 3888 Workman Mill Rd., Whittier, CA 90601։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարի Քէօշկերեան
Դուստրերը՝ Յասմիկ Քէօշկերեան
Էլիզա եւ Ուորըն Հոլքոմպ եւ զաւակները
Զեփիւռ եւ Սեւան Եկինեան եւ զաւակները
Թալին եւ Վաչէ Գույումճեան եւ զաւակները
Թամար եւ Վազգէն Գայբէքեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Յովհաննէս եւ Գոհար Քէօշկերեան եւ զաւակները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, 900 W. Lincoln Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին կամ ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղի Gym Building Fund-ին։