ԵՐԵՒԱՆ.– 26 Յունիսին կայացած է Սուրիահայերուն հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, զոր գլխաւորած է յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Այս մասին կը տեղեկացնեն սփիւռքի նախարարութենէն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ծանր է, եւ հոնկէ դուրս եկող սուրիահայերը օրըստօրէ աւելի կը հակին այն միտքին, որ լաւագոյն տարբերակը Հայաստան հաստատուիլն է, քանի որ հայրենիքի մէջ աւելի արագ կը լուծուին ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ միւս խնդիրները:
«Մենք ամէն օր ընդունում ենք նրանց եւ ըստ անհրաժեշտութեան լուծումներ տալիս կեցութեան առաջնահերթ խնդիրներին: Հիմնական հարցը մնում է նորեկներին բնակարաններով եւ աշխատանքով ապահովելու հարցը, նշած է նախարարը՝ աւելցնելով, ամառային շրջանում կարեւոր է կազմակերպել նաեւ սիրիահայ երեխաների ճամբարային հանգիստը»:
Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած իրավիճակն ու հայ գաղութին խնդիրները: Ան նշուած է, որ ներկայ դրութեամբ, Սուրիոյ մէջ մնացած են մեծաթիւ հայեր, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր կը սաստկանան ռազմական գործողութիւնները, կը մեծնայ նաեւ մարդկային ճգնաժամը: Հալէպ զրկուած է համացանցէն, դժուարացած է նաեւ հայկական անուն եւ մականուն չունեցող հայերուն հայկական անձնագիրի տրամադրումը։
Հանրակրթական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սուրիահայերուն ուսումնառութեան կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան:
Երեւանաբնակ սուրիահայերուն ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներուն մասին խօսած է Երեւանի քաղաքապետարանի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան:
Քննարկուած են ընթացիկ այլ հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.