ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հինգշաբթի, Յունիս 25ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան՝ Շիրվան քհնյ. Միւրզեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Պոլսոյ նահանգապետ Վասիպ Շահինին:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի պաշտօնակայքը կը հաղորդէ, թէ այցելութեան ընթացքին պատրիարքի փոխանորդը պատրիարքական ընտրութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ դիմում փոխանցած է նահանգապետին:
Ինչպէս յայտնի է, 2010ին պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման համար ներկայացուած էր դիմում մը, որմէ ետք տեղի ունեցած էր պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւնը:
Տեղի տալով հայկական համայնքի պահանջներուն, պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անգամ մը եւս դիմում ներկայացուցած է՝ աւանդոյթներու եւ սովորոյթներու համաձայն պատրիարքական ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.