ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ազատութիւն» կայանի Դիմատետրի էջով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Մաքսիմ Սարգսեան՝ պատասխանելով ապագայ ծրագիրներուն վերաբերող լրագրողի հարցումին, ըսած է. «Մեր հետագայ անելիքները կախուած են հակառակ կողմի պատասխանից»:
Ան նշած է, որ կան նախապէս մշակուած քայլեր, որոնք որոշակի փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին:
Նախաձեռնութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան դիտել տուած է, որ իրենք ամպագորգոռ յայտարարութիւններ չեն ըներ եւ կրկնած է, որ իրենց գործողութիւնները կախեալ են հակառակ կողմի պատասխանէն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ տեղին է բողոքը արտայայտել երգ ու պարով՝ Վաղինակ Շուշանեան ըսած է. «Երգն ու պարն էներգետիկա են հաղորդում: Փորձում ենք հայրենասիրական ոգով անել ամէն ինչը, խնդիր չեմ տեսնում»:
Մ. Սարգսեան ըսած է, որ Բաղրամեան պողոտային վրայ հաւաքուածները հռետորներ չեն, քաղաքական գործիչներ չեն, որ ամբողջ օրը ճառեր արտասանեն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք շարժումը ղեկավար ունի՞՝ Վ. Շուշանեան դիտել տուած է, որ չունի, քանի որ «լիդերի վրայ հեշտ է ճնշում գործադրելը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ քաղաքական կուսակցութիւնները շարժումը չգլխաւորեցին, Վ. Շուշանեան ըսած է. «Մենք թոյլ չենք տուել, որ որեւէ կառոյց փորձի իրենով անել այն մաքուր նպատակն ու գաղափարը, որն այսքան մարդ է հաւաքել այստեղ: Նկատենք, որ ոչ մի դէպք չի եղել, որ քաղաքական որեւէ կուսակցութիւն, կառոյց կարողանայ այսքան բազմութիւն պահի այն էլ մաքուր նպատակով»:
Մաքսիմ Սարգսեան ըսած է, որ որեւէ կուսակցութիւն փորձ չէ ըրած նոյնիսկ այդ առումով, թէեւ տարբեր հարցերու մէջ օգնութիւն ցուցաբերած են, բայց առանց նախապայմանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.